Երեւան՝ 2800 Տարեկան Պատանի․ Տօնակատարութիւն՝ Յունաստանի Մէջ

Կի­րա­կի՝ 9 Դեկ­տեմ­բեր 2018ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, Ֆիք­սի (Յունաստան) «Ա­րամ Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հին մէջ, տեղի պիտի ունենայ մեր սրտի մայ­րա­քա­ղա­քի հիմ­նադ­րու­թեան ձօ­նո­ւած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն։

«­Հա­մազ­գա­յին»-ի Ա­տի­կէի «­Սօս-­Վա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի կազմակերպած տօնակատարութեան ընթացքին պիտի իրականացուի պատ­մա­կան տե­սե­րի­զի (dvd) ցու­ցադ­րու­թիւն՝ Է­րե­բու­նի-Ե­րե­ւա­նի հիմ­նադ­րու­թեան մա­սին, պիտի հնչեն Ե­րե­ւա­նի նո­ւի­րո­ւած եր­գեր՝ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու նո­ւա­գա­խումբ (երգ՝ Գէորգ Լա­զա­րեան, Թա­մար Պար­սա­մեան, Ա­րազ Պար­սա­մեան, կի­թառ՝ Ա­նի Մա­նու­կեան, Սեր­գօ Սա­մո­ւէ­լեան, Վի­գէն Փար­թա­մեան, դաշ­նակ՝ Սու­լա Պար­տաք­ճեան, Ե­րո­ւանդ Մա­նու­կեան), Յով­սէփ Թո­փա­լեան, Մա­րիան­նա Գու­յում­ճեան, Ա­նա­հիտ Սա­ֆա­րեան:

Ե­լոյթ պիտի ու­նե­նայ «­Նա­նոր» պա­րա­խում­բը՝ «Ես իմ ա­նուշ Հա­յաս­տա­նի» եւ ա­ռա­ջին ան­գամ՝ «­Սէր Ե­րե­ւան», բե­մադ­րու­թիւն՝ պա­րու­սոյց Ան­նա Պօ­ղո­սեա­նի:

Տօնակատարութեան հա­ղոր­դա­վար­ներն են՝ Հ­ռիփ­սի­մէ Կա­րա­պե­տեան եւ Լո­ւի­զա Պօ­ղո­սեան:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Scroll Up