Լիբանանահայութեան ջանքերով կարելի եղաւ հանգանակել 87.750 ամերիկեան տոլար

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ այս տարի իր կազմակերպած ռատիոթոնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ եւ ամբողջ օրուան ընթացքին տեղի ունեցած դրամահաւաքին շնորհիւ համայն լիբանանահայութեան ջանքերով կարելի եղաւ հանգանակել 87.750 ամերիկեան տոլար:

Յայտնենք, որ այս գումարը յառաջիկայ օրերուն պիտի աւելնայ այլ բարերարներու նուիրատուութիւններուն գումարումով:

Լիբանանահայութեան պատուաբեր այս մասնակցութիւնը համահայկական տարեկան այս դրամահաւաքին կու գայ փաստելու, որ լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ մնալ հաւատարիմ հայրենակերտումի սուրբ գործին եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը ցուցաբերէ Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճման եւ զարգացման նպաստող իւրաքանչիւր ծրագիրի:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին եւ շնորհակալութի՛ւն բոլոր նուիրատուներուն:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ

Scroll Up