ՍՕ Խաչի Իւրայատուկ Ձեռնարկով Ներկայացուեցաւ «Հայ Արքունի Տիկինները Դարերու Ընթացքին» Դասախօսութիւն

«Գանձասար»-ՍՕ Խաչի Շրջ. Դաստիարակչական Յանձնախումբը Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան հալէպահայ հանրութիւնը հրաւիրած էր յատկանշական նիւթով դասախօսութեան մը՝ «Հայ Արքունի Տիկինները Դարերու Ընթացքին», որ տեղի ունեցաւ «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, տիար Լեւոն Շառոյեանի մատուցմամբ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Մանուէլեան, որ անդրադարձաւ Հայոց Պատմութեան ընթացքին հաստատուած թագաւորութիւններուն, որոնց կշիռը մեծ եղած է ամբողջ շրջանի պատմութեան վրայ։ Հոն կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են Արքունի տիկինները՝ թագուհիներ եւ իշխանուհիներ, որոնք իրենց ամուսիններուն կողքին մասնակցած են երկրի կառավարման, բարգաւաճման ու պաշտպանութեան գործին։ Աւելին, անոնք իրենց բարեպաշտութեամբ շինարար աշխատանքով, բարեսիրական ու որբախնամ գործով նշանակալի հետքեր թողած են Հայաստան աշխարհի տարածքին։

Բացման խօսքէն ետք հրաւիրուեցաւ տիար Լեւոն Շառոյեան։ Ան Հալէպի զաւակ է, շրջանաւարտ՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն։ Ան հայրենաւանդ ուսուցիչ է ԼՆԳԿ կեդր. վարժարանէն ներս, ինչպէս նաեւ դասախօս՝ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկէն ներս 2000 թուականէն ի վեր։ Պրպտող, բանասէր եւ յօդուածագիր է, կ’աշխատակցի սփիւռքահայ զանազան թերթերու, մասնաւորաբա՛ր գաղութիս «Գանձասար» շաբաթաթերթին։ Հեղինակ է հինգ գիրքերու։

Լ. Շառոյեան յետադարձ ակնարկով մը ներկաները տարաւ դէպի վաղնջական ժամանակներ։ Սկիզբը ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի կազմաւորման շրջանին, մինչեւ թագաւորութեան հաստատումը եւ կեդրոնացաւ հինգ կերպարներու վրայ։

Նախ ներկայացուց Արա գեղեցիկի կնոջ՝ Նուարդ թագուհիին կերպարը, որուն համար պատուախնդիր Արա մերժելով Ասորեստանի Շամիրամ թագուհիի ամուսնութեան ու Հայաստանն ու Ասորեստանը միատեղ ղեկավարելու գրաւիչ առաջարկը, պատերազմ մղեց ու նահատակուեցաւ յանուն բարոյական բարձր արժէքի։

Ապա ան մեկնաբանեց Արտաշէսեան շրջանէն Արտաշէս Ա-ի խիզախութիւններն ու երկրին խաղաղութիւն ապահովելու նկատառումներով Ալանաց արքայադստեր՝ Սաթենիկի հետ ամուսնութեան աւանդազրոյցը։ (Հուսկ խումբ մը ճեմարանական աշակերտներ բեմական գողտրիկ պատկերով մը ներկայացուցին Արտաշէսի եւ Սաթենիկի միջեւ տեղի ունեցած պատկերաւոր փոխասացութիւնը։

Այնուհետեւ 3-րդ կերպարով Շառոյեան ներկայացուց Արշակունի Տրդատ Գ. թագաւորի կնոջ՝ Աշխէն թագուհիին եւ Մեծ օրիորդ՝ Խոսրովիդուխտին ջանքերը, որոնց շնորհիւ թագաւորը ընդունեց քրիստոնէութիւնը, հռչակելով զայն պետական կրօն։ Անոնք Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռամբ առաջին մկրտուողները եղան։

Արշակունեաց շրջանէն խիզախ կերպար մըն էր Սիւնեաց օրիորդ Փառանձեմ թագուհին, որ իր ամուսնոյն՝ Արշակ Բ.-ի բանտարկութեան շրջանին հերոսաբար ժողովուրդին աջակցութեամբ դիմադրեց պարսկական բանակին եւ ի վերջոյ գերի տարուելով Պարսկաստան եղերական վախճան մը ունեցաւ։

Դադար մը առնելով ներկաները ունկնդրեցին ակնարկ մը հայոց թագուհիներու կենցաղին մասին, ներկայացուած ճեմարանական աշակերտուհիի մը կողմէ։

Վերջին անձնաւորութիւնն էր Լեւոն Բ. Մեծագործ թագաւորի դուստր՝ Զապէլ, որ փոքր տարիքին գահաժառանգ դարձաւ իր հօրը մահով։ Ան յայտնի դարձաւ բարեսիրական իր աշխատանքներով, կառուցեց հիւանդանոցներ եւ իր դուստրերուն հետ, իբրեւ գթութեան քոյր, խնամեց անտէր հիւանդներ։

Դասախօսութեան աւարտին Շրջ. Դաստիարակչական Յանձնախումբի ատենապետուհի Զեփիւռ Մուղալեան շնորհակալութիւն յայտնեց տիար Լեւոն Շառոյեանին, որ մանրամասնօրէն եւ հաճելի պատումով ներկայացուց Հայոց թագուհիներ, որոնք իրենց կենցաղով, օրինակելի վարքով եւ հերոսական դրսեւորումներով կը մնան «Տիկնայք Փափկասունք Հայոց Աշխարհի»։

Հուսկ հրաւիրուեցաւ ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Հռիփ Կանանեան, որ դրուատիքով խօսեցաւ դաստիարակչական յանձնախումբին ընտրած թեմային մասին, յիշեցնելով որ Հայոց պատմութեան պարբերական անդրադարձումը յոյժ կարեւոր է, որովհետեւ կը պահպանէ սերունդներու կապը մեր անցեալին հետ։ Այս իմաստով յատկանշական նկատեց տարիներ առաջ ՍՕԽ-ի մէկ նախաձեռնութիւնը, երբ ստանձնեց Արմէն Անոյշի հեղինակած Հայոց Պատմութեան դասագիրքերու մեկենասութիւնը։ Ընկերուհին շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին եւ գնահատեց զինք ՍՕԽ-ի Յուշամատեանով։

Տեղին է յիշել, որ իրեկոյին յատուկ փայլք տուած էին ճեմարանականներու գունազարդ տարազները, բեմի եւ սրահի յարդարումը, նիւթին առնչակից պաստառային նկարները, ինչպէս նաեւ աւանդական հիւրասիրութիւնը՝ հայկական անուշապուրը։ Վերջինը պատրաստողներուն մեծապէս շնորհակալ եղաւ յանձնախումբը։

Scroll Up