«Փոխե՛նք Ներկան, Կերտելու` Ապագան»

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը, այս տարի իր մասնակցութիւնը բերելով հանդերձ «Բերքառատ Արցախ» ծրագիրին, յարմար նկատեց իր նպաստը ունենալ հիմնադրամի ընթացիկ գլխաւոր ծրագիրներէն մէկուն` Գիւմրիի մէջ անօթեւան ընտանիքներու բնակարաններու ապահովման` տրուած ըլլալով, որ 2018-ը կը զուգադիպի Սպիտակի երկրաշարժի 30-ամեակին, եւ մարմինի այս տարուան դրամահաւաքը կը կազմակերպուի այդ յիշատակի նշումէն շաբաթ մը առաջ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ստեղծման հիմնական նպատակ-ծրագիրներէն մէկը եղած է երկրաշարժի աղէտեալ գօտիի վերականգնումը: Անցնող 26 տարիներուն համահայկական հիմնադրամը բնակարան ապահոված է 535 ընտանիքի (աւելի քան 2500 բնակիչի). ընդհանուր առմամբ կառուցած է 36 բնակելի շէնք եւ 24 առանձին տուներ Գիւմրիի, Վանաձորի, Ստեփանաւանի եւ Սպիտակի մէջ: Իսկ վերջին 3 տարիներուն ան բնակարան ապահոված է Գիւմրիի մէջ 39 ընտանիքի` նորակառոյց թաղամասերու մէջ, իսկ բնակարան մըն ալ Վանաձորի մէջ:
Դժբախտաբար 1988-ի երկրաշարժէն ի վեր բազմաթիւ ընտանիքներ կը շարունակեն մնալ անօթեւան: Բնակարանային հարցը այսօր առաջնահերթ է Գիւմրիի համար, ուր հարիւրաւոր ընտանիքներ տակաւին կ՛ապրին ժամանակաւոր թիթեղաշէն տնակներու մէջ, եւ որպէսզի այդ ընտանիքները ունենան իրենց նոր եւ յարմարաւէտ տունը, իւրաքանչիւր տան համար անհրաժեշտ է 25.000 ամերիկեան տոլար: Այդ գումարով կարելի կ՛ըլլայ նորոգուած, կահաւորուած եւ կենցաղային սարքերով համալրուած տուներ նուիրել գիւմրեցի ընտանիքներուն: Մեր նպատակն է, 4 ընտանիքներ օժտել նոր բնակարաններով:
Մեր բոլորին աջակցութեամբ մենք կրնանք նոր կեանք պարգեւել անոնց, որպէսզի անոնք կարենան լքել իրենց խոնաւ ու կիսախարխուլ տնակը եւ տեղափոխուիլ քարաշէն ապահով բնակարան:
Անվերապահ զօրակցութեամբ եւ ամբողջական վստահութեամբ աջակցինք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինին կազմակերպած տարեկան ռատիոթոն-դրամահաւաքին, հինգշաբթի, 29 նոյեմբեր 2018-ին, որպէսզի ձեռք-ձեռքի տալով ՓՈԽԵ՛ՆՔ ՆԵՐԿԱՆ, ԿԵՐՏԵԼՈՒ` ԱՊԱԳԱՆ…