Քալիֆորնիոյ Անտառային Հրդեհներու Զոհերուն Մէջ Երկու Հայ Կայ

ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ սկիզբ առած անտառային հրդեհներու զոհերուն մէջ, ըստ նախնական տուեալներու, կայ երկու հայ, իսկ երրորդ մը անհետ կորածներու ցանկին մէջ է: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեան:

Անոր խօսքով՝ հրդեհներուն հետեւանքով վնասուած է նաեւ հայ ընտանիքներունպատկանող 3 տուն:

Քալիֆորնիայի իշխանութիւնները առայժմ չեն կրցած պարզել 203 մարդու ճակատագիր՝ նահանգի հիւսիսային մասը ճարակած բնական հրդեհէն ետք:

Պիութի տարածաշրջանի շէրիֆ Քորի Հոնէայի տուեալներով՝ իշխանութիւնները կը կարծեն, որ նահանգի հիւսիսը մոլեգնած հրդեհին ընթացքին զոհուած Է 88 մարդ:

Scroll Up