Յունահայ Մարզիկ Արա Ճանիկեան Ju-Jitsu Համաշխարհային Մրցաշարքի Ոսկեայ Շքանշանին Արժանացաւ

Ուրբաթ՝ 23 Նոյեմբեր 2018-ին, Շուէտի Մալմէ քաղաքին մէջ, տեղի ունեցան Ju-Jitsuի համաշխարհային մրցաշարքի մրցումները, որոնց աւարտին յունահայ մարզիկ Արա Ճանիկեան բարձրացաւ ամէնէն բարձր հարթակին վրայ՝ գրաւելով ոսկեայ շքանշանը։
Մրցաշարքի ընթացքին՝ երէցներու 56 քիլոկրամ կշիռքով խումբին մասնակցելով, 4 մրցումներէ ետք, հասաւ աւարտական մրցումին, որու ընթացքին մրցեցաւ Ֆրանսացի մարզիկ Ժիւլ Սիմոնի դէմ, որ համեւրոապական ոսկեայ շքանշանակիր է ու յաղթեց անոր՝ 21-13 արդիւնքով, գրաւելով առաջին դիրքը: Ամիսներու երկար մարզումներու եւ խիստ սննդականոնի հետեւելով՝ Արա Ճանկեան հասաւ Մալմէ, ուր մրցեցաւ, յաղթեց եւ Ju-Jitsu մարզաձեւին Յունաստանի ոսկեայ շքանշան մը եւս ապահովեց 2017-ի իր յաղթանակէն ետք։
Արա ամիսներ շարունակ կը մարզուէր՝ «Լէֆքարոս» մարզական խումբին մասնակցելով ու հետեւողականութեամբ, հանդարտութեամբ, վստահութեամբ հետեւելով իր մարզիչներու՝ Եորղօ Զանտիոթիսի, Եաննի Քոստիկիատիսի, քարաթէ մարզաձեւի մարզիչներու Իոաննիս Քանելիսի եւ Ակելոս Կորկասի ուղղութիւններուն:
Փօլ Ֆարաճեանի սննդականոնին հետեւելով՝ Արա կարողացաւ իր մարմինը ամրացնել յարմար ճաշացուցակով, որպէսզի կարողանայ տոկալ ծանր մարզումներու նախապատրաստական փուլի մարզավարժութեանց։
Արան յաղթանակէն ետք ըսաւ, որ դժուարութիւնը առաջին դիրքին հասնիլը չէ միայն, այլ առաջին դիրքին վրայ մնալը:
Արա իր այս յաղթանակը նուիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ին՝ անոր հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:
Կը մաղթենք առողջութիւն եւ յաջողութիւն Արայի բոլոր ծրագիրներուն։