Լիբանանի Անկախութեան 75-Ամեակի Նշումը Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ

22 Նոյեմբեր 2018-ին, Լիբանան տօնեց իր անկախութեան 75-րդ տարեդարձը: Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները այս առիթը նշեցին ամբողջ օրուան ընթացքին: Առաւօտ կանուխ անոնք այցելեցին լիբանանեան բանակի 11-րդ գունդի զօրանոցը, ուր ներկայ եղան բանակայիններու մարտական ներկայացումին, ինչպէս նաեւ իրենք ալ, իրենց կարգին, անոնց հրամցուցին Լիբանանն ու անոր ծառայող զինուորը գովերգող բանաստեղծութիւններ ու երգեր: Այս ուրախ առիթով, Մխիթարեանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան զօրանոցի հրամանատարին յանձնեց Լիբանանի անկախութեան յոբելենական ամեակը շնորհաւորող յուշանուէր մը:

Ապա, վերադառնալէ ետք, աշակերտները Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը յաւերժացուցին դպրոցէն ներս մայրիի ծառի տնկումով, որ խորհրդանիշն է մայրիներու երկիր Լիբանանին:

Իսկ օրուան աւարտին անոնք հանդէս եկան աշակերտական հանդիսութեամբ մը, որ սկիզբ առաւ լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Ապա, բացման խօսքը արտասանեց արաբերէնի ուսուցիչ պարոն Ռոյ Ասսաատ, որ ըսաւ. «Հայրենիքը հող չէ, ուր մենք կ’ապրինք, այլ՝ այնպիսի էութիւն մը, որ կ’ապրի մեր մէջ: Եւ չսխալեցաւ ան, որ ըսաւ, որ Լիբանանը հայրենիքէ մը աւելի է, ան միասնութեան ուղերձ է բազմակարծութեան մէջ, յոյսի ուղերձ է թշուառութեան մէջ, եւ խաղաղութեան ուղերձ է դաժան աշխարհին մէջ»: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ Լիբանանը մեր բոլորիսն է, իր ծովով ու իր ցամաքով, մաղթելով, որ այս անկախութիւնը հանգստութեան կեդրոն եւ նաւահանգիստ ըլլայ բոլոր լիբանանցիներուն համար եւ անոնք մնան միշտ միաւորուած:

Այնուհետեւ հերթաբար բեմ բարձրացան մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ կարգի բոլոր աշակերտները, որոնք ասմունքներով, երգերով, թատերական պատկերներով ու պարով արտայայտեցին իրենց սէրն ու յարգանքը լիբանանեան հայրենիքին, անոր բանակին, հողին ու դրօշին հանդէպ:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը, որ աշակերտներու ուշադրութեան յանձնեց, որ օրուան ընթացքին զօրանոց կատարած իրենց այցելութեամբ, ծառատնկումով եւ այս կոկիկ հանդիսութեամբ իրենք փառաւորեցին անկախութիւնը, որ հեշտութեամբ տրուող բան մը չէ, այլ պահանջած է բազում զոհողութիւններ, եւ լիբանանցիները կրցած են անոր տիրանալ շնորհիւ իրենց հայրենիքին հաւատացող նուիրեալ անձերու: Լիբանանին ուղղուած լաւագոյն մաղթանքներով տօնակատարութիւնը հասաւ իր աւարտին:

ԼՐԱՏՈՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ   

Scroll Up