Մեսրոպեանը Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Նշեց Բազմատեսակ Ձեռնարկներով

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը, մանկամսուրէն մինչեւ բարձր կարգեր, իւրաքանչիւր բաժնի համապատասխան աշխատանքներով եւ ձեռնարկներով նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը:

Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի փոքրիկները կատարեցին տօնին համապատասխան ձեռային աշխատանքներ, տողանցեցին լիբանանեան երգերու կշռոյթներով, ներկայացուցին բանակին նուիրուած թատերական փոքր պատկերներ:

Կեդրոնական տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ ՀԿՄ Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ: Բացման խօսքը արտասանեց Թիֆանի Իիտ, ելոյթ ունեցաւ վարժարանի Ծիծեռնակ երգչախումբը, աշակերտները կատարեցին լիբանանեան ազգագրական պարեր, ներկայացուցին խմբային երգեր եւ ասմունք: Յատկանշական էր մանաւանդ անկախութեան պատմութեան նուիրուած թատերական ներկայացումը, ուր շեշտը դրուած էր ազգերու ինքնորոշման եւ սեփական պետութիւն ունենալու գաղափարին վրայ:

Այս տարի նորութիւն էր անկախութեան տօնին նուիրուած «Գիտելիքներու Մարաթոն»ը, որուն ընթացքին նախակրթարանի աշակերտները իրար հետ մրցեցան Լիբանանի պատմութեան մասին իրենց գիտելիքներով:

Միւս կողմէ, տօնին ընդառաջ, Մեսրոպեանի բարձր կարգի աշակերտները առանձին երկու օրերու ընթացքին այցելութիւններ տուին Լիբանանի բանակի Օդուժի եւ Յատուկ Ուժերու Մաղաուիր կեդրոններ, ուր դիմաւորուեցան պատասխանատու սպաներու եւ հրամանատարութեան կողմէ: Աշակերտները ծանօթացան բանակային ծառայութեան պայմաններուն եւ դիտեցին զինուորական վարժանքներ: Յատուկ Ուժերու կեդրոնին մէջ , մարզիչ սպաներու հսկողութեամբ, աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ կատարելու փորձ վարժանքներ` բարձրութիւն մագլցիլ եւ պարանով բարձրութենէ իջնել: Այցին առիթով, Մեսրոպեանի աշակերտները գնահատանքի նշաններ յանձնեցին հրամանատարական կազմերուն, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ծառայողներու` հայրենիքի պաշտպանութեան գործին իրենց նուիրումին եւ դժուարին առաքելութեան համար:

Տեղեկատուական գրասենեակ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Scroll Up