Անցած Ուղիի Կուտակուած Փորձի Հիման Վրայ Հրամայական Է Ընդլայնուած Լիազօրութիւններ Եւ Նոր Գործառոյթներ Ապահովել Սփիւռքի Նախարարութեան

Ազդակ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան կը պատասխանէ Էրէբունի կայքի հարցումին՝ Սփիւռքի նախարարութիւնը պէ՞տք է շարունակէ գոյատեւել իբրեւ առանձին գերատեսչութիւն, թէ՞ պէտք է վերածուի տարբեր նախարարութեան մէկ բաժանմունքին կամ վարչութեան։

Սփիւռքի նախարարութեան հետ տարիներու վրայ երկարող արդիւնաւէտ համագործակցութեան փորձ կուտակուած է ոչ միայն Սփիւռքի դասական կազմակերպութիւններու, եկեղեցական կառոյցներու եւ ընդհանրապէս ազգային-հասարակական կազմակերպութիւններու , այլ նաեւ մասնագիտական ոլորտի մէջ գործող հաւաքականութիւններու եւ անձնաւորութիւններու կողմէ։

Մեկնած անձնական փորձառութենէ պէտք է արձանագրել, որ իրաւամբ կայացած է լրագրողական հարթութեան վրայ համահայկական համախմբուածութիւն։ Այդ իրականութիւնը նպաստած է ոչ միայն ճանաչողականութեան, այլ նաեւ համագործակցութեան գործնական ուղիներ համատեղ որոնելու եւ միասին աշխատելու։ Համաժողովներ,քննարկումներ, համագործակցութեան օրինակներ՝ մասնագիական այս ոլորտին համար յաջողած էին ՀՀ-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնական հիմունքով նպատակաուղղուած աշխատիլ։ Նոր կառուցակարգերու ուրուագծման առաջին հանգրուանը փաստօրէն կը թեւակոխուէր, նկատի ունենալով նաեւ համահայկական օրակարգերով բրգաձեւ ,պետական տանիքի տաք համախմբուող Սփիւռքը, իր զանազան շերտաւորումներով։

Բացի նշուած ուղղութիւններէն կը խորհիմ որ աւելի քան կարեւոր հրամայական է Սփիւռքի հետ համագործակցութիւնը առանձին, ընդլայնուած լիազօրութիւններով գործող գերատեսչութեամբ շարունակելը։ Ի վերջոյ մեր ազգի համրանքի երկու երրորդը հայրենիքի սահմաններէն դուրս ապրող հայութիւնն է, որ Հայաստանակեդրոն եւ պետականամէտ դարձնելու առաջադրանք պիտի ունենայ մեր պետութիւնը։

Անտեսանելի սփիւռքեան զանգուածը պետութեան տեսադաշտին մէջ բերելու, դասական եւ նոր Սփիւռքներու հետ կազմակերպական, ,կրթական, մշակութային գործունէութիւնները համակարգելու եւ  անշուշտ հայրենադարձութեան տարբեր բնոյթի աշխատանքները իրականացնելու համար այս գերատեսչութիւնը անցած ուղիի կուտակած փորձառութեան հիման վրայ նոր գործառոյթներ ճշդելու եւ աշխատանք ծաւալելու անհրաժեշտութեան առջեւ կանգնած է։

Մենք ազգովին անհրաժեշտութեան առջեւ ենք՝ սփիւռքահայ զանգուածին մասնակցութիւնը երկրի ու պետութեան որոշման գործընթացին իրաւաքաղաքականօրէն մասնակից դարձնելու։ Խորհրդատուական բնոյթէն դէպի իրաւական գործառոյթներ անցումի նախապատրաստական աշխատանքները Սփիւռքի նախարարութեան նոր ու հիմնական գործառոյթն է։ Խօսքը երկպալատ դրութեամբ Ազգային ժողովի մասին է, ուր ոչ հայրենաբնակ զանգուածը նեկայացուած ըլլալու օրակարգ ունի, ինչը բնականաբար պիտի նպաստէ Հայաստանակեդրոն հայկական աշխարհի ձեւաւորման եւ համահայկական օրակարգերու մշակման, քննարկման եւ որոշման գործընթացներու եւ մեխանիզմներու ճշդումին։

Այս օրակարգը կը խորհիմ ունի նաեւ քաղաքական շարժառիթ, որ պէտք է նկատի ունենանք։ ԵՄ-ի հետ համարկումի եւ համագործակցութեան ուղիներու կողմնացոյցով յառաջանալը նոր թափ կը հաւաքէ երկրին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն զուգահեռ։ ԵՄ-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ կայացած քննարկումներուն կ՛արծարծուի սփիւռքահայութեան ներգրաւումը ազգային ժողովին մէջ օրինակ բերուելով ԵՄի անդամ տարբեր պետութիւններու փորձը (Ֆրանսա,Յունաստան, Իտալիա,եւայլն)։

Այս առաջադրանքը հեռանկարային է ԵՄ-ի հետ մեր համագործակցութիւնը խորացնելու եւ քաղաքացիներու իրաւունքը իրացնելու մօտեցումով. այս պարագային հետզհետէ երկրի սահմաններէն դուրս ապրող քաղաքացիներու ստուար զանգուածը նկատի ունենալով։

Բոլոր ժամանակներէ աւելի կայ խիստ անհրաժեշտութիւն, մեկնած թէ՛ համազգային եւ թէ՛ քաղաքական հիմնաւորումներէ՝ Սփիւռքի նախարարութեան իբրեւ առանձին, ընդլայնուած լիազօրութիւններով եւ նոր գործառոյթներով գերատեսչութիւն, նոր մեկնարկ ապահովելու։

Scroll Up