Տեղի Պիտի Ունենայ Ֆրանսայի Թեմի Երիտասարդներու Չորրորդ Տարեկան Ժողովը

Առաջնորդի գրասենեակը եւ Ֆրանսայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդներու Կեդրոնական Խորհուրդը ուրախութեամբ կը տեղեկացնեն թէ, Դեկտեմբեր 22-ին Լիոնի Հայ Առաքելական Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ (40, rue d’Arménie – 69003 Lyon), տեղի պիտի ունենայ, Ֆրանսայի թեմի երիտասարդութեան չորրորդ ամէնամեայ ժողովը: Ժողովը պիտի սկսի ժամը 11-ին եւ պիտի աւարտի ժամը 15-ին: Ժողովին հրաւիրուած են իւրաքանչիւր ծուխէն ընտրուած երեք երիտասարդներ: Բոլոր մասնակիցներու անունները ծխական քահանայի կողմէ պէտք է առաջնորդին ուղարկուին: Խօսք առնող երիտասարդները 5 վայրկեան տեւող զեկոյցով մը պիտի ներկայացնեն իրենց ծուխի երիտասարդներու գործունէութիւնը:
Ժողովը, Առաջնորդ Գերաշնորհ Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննէսեանի եւ Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդներու Միութեան (AJEA) Ատենապետուհի Տիկին Լուսին Արզումանեանի նախագահութեամբ պիտի կատարուի: Տարեկան ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին՝ արեան նուիրատուութիւն, ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի ոգեկոչում, մեծ տօներու ընթացքին տարեցներու այցելութիւն, Ծննդեան շրջանի գիշերուայ աղօթքներ եւ այլ նիւթեր: Ֆրանսայի Թեմի Երիտասարդներու նոր կեդրոնական խորհուրդի մը եւ բիւրոյի մը ընտրութիւնն ալ օրակարգի վրայ է: