Նախագահ Արմէն Սարգսեան «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Կը Նուիրաբերէ Իր Վեց Ամսուան Աշխատավարձը
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամենամեայ` 21-րդ հեռուստամարաթոնին ընդառաջ` Հանրապետութեան նախագահ, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր այցելած է հիմնադրամի գրասենեակ:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, դեռեւս Մայիսին հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու համատեղ նիստին նախագահ Սարգսեան խոստացած էր իր մէկ տարուան աշխատավարձը նուիրաբերել հիմնադրամին: Այսօր հիմնադրամին մէջ նախագահը ստորագրած է վեց ամսուան աշխատավարձը` 5. 753.496 դրամ, նուիրաբերելու հաւաստագիրը:
Հանրապետութեան նախագահի յաջորդ վեց ամսուան աշխատավարձը եւս պիտի նուիրաբերուի հիմնադրամին: