Բակօ Սահակեան Լոս Անճելըսի Մէջ Այցելած է ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութիւն
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 21-ին, այցելած է Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւն եւ հանդիպած դիւանագիտական անձնակազմի հետ՝ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի գլխաւորութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան տեղեկութիւններով՝ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Արցախ-Ամերիկա կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցեր:
Այս ծիրէն ներս՝ նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ ԱՄՆ-ի մէջ ԱՀ մշտական ներկայացուցչութեան սերտ փոխգործակցութիւնը՝ զայն համարելով նախանշուած ծրագիրներու յաջող իրականացման կարեւոր գրաւական:
Նոյն օրը, հիւպատոսութեան յարկին տակ, տեղի ունեցած է համայնքային ընդունելութիւն՝ ի պատիւ նախագահ Սահակեանի:
Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ քննարկուած են Արցախի պետականաշինութեան, Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն առնչուող խնդիրներ:
Նախագահը նաեւ պատասխանած է ներկաներու կողմից բարձրացուած տարաբնոյթ հարցերուն:
Հանդիպումին մասնակցած են հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մէջ ԱՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: