Մխիթարեան Վարժարանը Խօսքը Կը Վերածէ Գործի. Համագործակցութիւն Ֆինլանտայի Ուսումնական Համակարգին Հետ

Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանը իր առաքելութեան սկզբնաւորութեան եւ իր անդրանիկ ուսումնական տարեշրջանի նախօրեակին խոստացաւ իր աշակերտներուն տրամադրել կրթական գերազանցութիւն: Ի կատարումն եւ գործադրութիւն իր այս յանձնառութեան եւ վարժարանի ուսումնական հիմք ընդունելով ֆինլանտական կրթական սկզբունքները, Մխիթարեան Վարժարանէն պատուիրակութիւն մը գործուղուեցաւ դէպի Ֆինլանտա, որ կը համարուի կրթական աշխարհին մէջ առաջին հորիզոնականը գրաւող երկիրը: Մխիթարեանը եղաւ Լիբանանի մէջ առաջին վարժարանը, որ որոշեց օգտուիլ ֆինլանտական կրթական սկզբունքներէն, աւելի մօտէն ծանօթանալով անոնց կիրառած մեթոտներուն:

Պատուիրակութիւնը կ’ընդգրկէր Մխիթարեանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, վարժարանի կրթական համակարգող Տիկ. Մէյրի Ղազարեան Կիւրիւնլեան, եւ Մխիթարեան Միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մեծաւոր Գեր. Հայր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սիւլահեանի օգնական՝ եղբայր Նարեկ Ճենանեան:  13-17 Նոյեմբեր երկարող այցելութեան ընթացքին, պատուիրակութեան անդամները դիտարկումներ կատարեցին Ֆինլանտայի դպրոցներուն մէջ, հետեւեցան հոն գործադրուող կրթական մեթոտներուն եւ արհեստագիտութիւններուն, անոնցմէ հնարաւոր եղած չափով կարենալ պատշաճեցնելու լիբանանեան կրթական կեանքին:

Պատուիրակութիւնը այցելեց զանազան մանկապարտէզներ (6-7 տարեկան աշակերտներ), նախակրթարաններ (7-16 տարեկան աշակերտներ, Ա.-էն 9-րդ դասարաններ), ինչպէս նաեւ երկրորդական եւ արուեստից վարժարաններ (10-էն 12-րդ դասարաններ, 16-19 տարեկան աշակերտներ): Նաեւ հանդիպումներ տեղի ունեցան կրթական մարզին մէջ մասնագէտներու հետ, որոնք վարժողական դասընթացքներ ներկայացուցին թուայնացման աշխարհին եւ ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու ուսման վերաբերեալ:

Ֆինլանտական կրթութեան մեթոտներն ու գաղտնիքները, ինչպէս նաեւ ուսուցման անհրաժեշտ միջոցները Մխիթարեան վարժարանի ուսուցչակազմի անդամներուն պիտի փոխանցուին մասնագիտական զարգացման զանազան համաժողովներով:

Այցելութիւնը պսակուեցաւ համաձայնագիրի մը ստորագրութեամբ՝ Մխիթարեանի տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեանի եւ RIVERIA միջազգային կազմակերպութեան տնօրէն Էսա Թարվինէնի միջեւ: Սոյն կազմակերպութիւնը Ֆինլանտայի եւ համայն աշխարհի ուսուցիչներ կը մարզէ եւ զանոնք լաւապէս կը պատրաստէ, անոնց ծանօթացնելով ֆինլանտական կրթական յաջողագոյն մշակոյթին:

Մխիթարեան Վարժարանի եւ RIVERIA կազմակերպութեան միջեւ սկիզբ առած համագործակցութիւնը՝ գործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութեամբ, յետագային պիտի շարունակուի յաւելեալ դասընթացքներով, աշակերտներու փոխանակման ծրագիրով, այցելութիւններով եւ համաժողովներով:

Մխիթարեան վարժարանը կը ձգտի ուսումնական գերազանցութիւն ապահովել իր աշակերտներուն եւ ըլլալ ինքնատիպ իր այս իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ, որ կը գործէ աշակերտակեդրոն ձեւով, պատրաստելու համար յաջողակ աշակերտներ, որոնք երջանիկ են, լաւատես, ունին քննադատական միտք եւ կ’աշխատին կերտել աւելի լաւ աշխարհ մը:

Լրատու Մխիթարեան Վարժարանի

 

Scroll Up