Բակօ Սահակեան Լոս Անճելըսի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցած է ՍԴՀԿ, ՌԱԿ եւ ՀՅԴ Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 19-ին եւ 20-ին, Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Սոցեալ-դեմոկրատական Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ամերիկայի վարչական մարմինի, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի պատասխանատուներու հետ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան տեղեկութիւններով՝ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան, տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող տարբեր հարցեր:
Երկրի ղեկավարը պահանջուած եւ օգտակար համարած է նման հանդիպումները` գոհունակութեամբ նշելով, որ անոնք դարձած են պարբերական:
Հանդիպումներուն կը մասնակցէին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր: