Գիտաժողով. Կիպրոսի եւ Յունաստանի Հայերը

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը 2019 Մայիսի վերջաւորութեան պիտի կազմակերպէ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն նուիրուած իր վեցերորդ տարեկան գիտաժողովը:

Արդ, կը հրաւիրենք  Սփիւռքի եւ Հայրենի բանասէրները, օտար հայագէտները՝ որոնք հետաքրքրուած են ու կ’առնչուին վերոյիշեալ հայօճախներու հին թէ նոր կենսագործունէութեան ուսումնասիրութեան, դիմելու Կեդրոնիս՝ հիմնուելով ստորեւ նշուած տուեալներուն վրայ:   

Ա.- Մասնակիցները կրնան ուսումնասիրութիւն ներկայացնել հետեւեալ նիւթերէն որեւէ մէկուն շուրջ.-

1) Պատմութիւն.- Հայերը վերոյիշեալ երկիրներէն որեւէ մէկուն մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ, յետցեղասպանութեան շրջանին (մինչեւ մեր օրերը), նախկին կիպրահայերու եւ յունահայերու վերադարձը Կիպրոս եւ Յունաստան.

2) Պետութիւն եւ Սահմանադրութիւն. Հայերու քաղաքացիացումը, փոքրամասնութեանց եւ համայնքային իրաւունքներ, պետական համակարգին մէջ հայերու համայնքային-կրօնական-մշակութային ներկայացուցչութիւն, հայերու մասնակցութիւնը եւ ներկայութիւնը համապետական թէ տեղական վարչամեքենային մէջ), հայերը տեղական կուսակցութիւններու մէջ.

3) Յետ-եղեռնեան Հայ Բնակավայրեր. Կիպրահայ եւ յունահայ որբանոցները, անցեալի եւ ներկայի հայկական բնակավայրերը եւ անոնց վերակերտումները, ժողովրդագրութիւնը, արհեստները, հայութեան վերաձեւաւորումը տուեալ երկիրներուն մէջ, ներքին կազմակերպումը, կապը եւ առնչութիւնները Սփիւռքի մօտիկ թէ հեռաւոր հայօճախներուն եւն.

4) Հայ Եկեղեցին (Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական). Թեմական կեանք, Հայ Եկեղեցին եւ իր դերը միջկրօնական երկխօսութեանց, թէ մարդասիրական աջակցութեան ծիրին մէջ.

5) Կազմակերպութիւններ. Հայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները (ընկերային, բարեսիրական, մշակութային, կրթական, մարզական եւն.), անոնց կենսագործունէութիւնը, հոլովոյթը, միջմիութենական եւ միջշրջանային յարաբերութիւններ.

6) Մշակոյթ. Հայ դպրոցները, հայերէնագիտութիւնը, մամուլ-գրականութիւն-տպագրութիւնը, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հաղորդումները, երգչախումբերը, թատրոնը, գեղանկարչութիւնը, հայօճախին մշակութային առանձնայատկութիւնները.

7) Համարկում. Հայութեան նպաստը վերոյիշեալ երկիրներու մշակոյթին (թատրոն, արուեստներ, լուսանկարչութիւն, երաժշտութիւն, մարզական կեանք եւն.), տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստին, առեւտուրին,  արհեստներուն եւ շուկային, հաղորդամիջոցներուն եւ ընկերային ու մարդասիրական բնագաւառներուն.

8) Հայերը՝ Տեղաբնիկներուն Պատկերացումին մէջ. Հայերուն պատկերը տեղաբնիկներուն մշակոյթին մէջ (սինեմարուեստ, թատրոն, գրականութիւն, բանաւոր պատմութիւն, հաւաքական յիշողութիւն).

9) Կիպրահայ եւ Յունահայ Սփիւռքներ. ներգաղթը Հայաստան՝ 1920ականներէն սկսեալ: Հայաստան-հայօճախ եւ պետութիւն փոխյարաբերութիւններ: Կիպրահայ Սփիւռքը Միացեալ Թագաւորութեան, Հայաստանի եւ առհասարակ Սփիւռքին հետ:

10) Ինքնութեան Հարցեր. Հայերու ինքնութենական վերակերտումները, ինքնութեան տարբերակուած ըմբռնումի եւ պատկերացումի դրսեւորումներ, նոր սերունդներու ընդգրկումը հայկական տարածք, օտար վարժարաններու հայ աշակերտութիւն-խառն ամուսնութիւններ եւ այլասերում/ձուլում.

Բ.- Մասնակցութեան Տուեալներ

1) Մասնակիցներ պարտին 20 վայրկեան տեւողութեամբ զեկոյցներ կարդալ իրենց ուսումնասիրութեան մասին՝ հայերէն կամ անգլերէն.

2) Մասնակիցները յանձնառու են իրենց ուսումնասիրութիւնները հրատարակութեան տրամադրելու՝ գիտաժողովի զեկուցագիրքին, հետեւաբար մինչեւ 30 Յուլիս 2019 մասնակիցները պարտին վերջնական ձեւի բերած ըլլալ իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ յանձնել զանոնք Կեդրոնին.

3) Կեդրոնը մինչեւ երեք օրուան կեցութիւն պիտի տրամադրէ գիտաժողովին մասնակիցներուն.

4) Դիմորդները պարտին մինչեւ 10 Դեկտեմբեր 2018 ել-նամակով Կեդրոնին յղել իրենց ուսումնասիրութեան նիւթին վերնագիրը եւ նախատեսած բովանդակութիւնը:

5) Դիմումները եւ նիւթերը քննարկուելէ եւ զատորոշուելէ ետք պատասխանը կը տրուի մինչեւ 25 Դեկտեմբեր 2018:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ մանրամասնութիւններու համար դիմել.-

Հայկազեան Համալսարան, Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն.-

հեռ. 00961 1 349230 ext. 205, կամ 00961 3 712058, կամ գրել՝ adakessian@haigazian.edu.lb հասցէին:

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

Scroll Up