Նիկոլ Փաշինեան Այցելած է Մարտական Յենակէտ եւ Հետեւած Մարտավարական Զօրավարժութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի առաջին տեղակալ, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանի ուղեկցութեամբ այցելած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի մարտական յենակէտ եւ զօրավարժարանին մէջ հետեւած ցուցադրական յատուկ մարտավարական յարձակողական զօրավարժութիւններուն:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի մամլոյ վարչութիւնը, Փաշինեան ծանօթացած է առաջնագիծին վրայ առկայ իրավիճակին, այնուհետեւ անոր ներկայացուած է երկրաչափական եւ ամրաշինական կառուցուածքները, յուսալի պաշտպանութիւն իրականացնելու նոր արհեստագիտութիւնները, դիրքերուն մէջ անձնակազմի անվտանգութեան բարձրացման ուղղուած աշխատանքները, տեխնիկական յագեցուածութիւնը:
Ան ուսումնական կէտին մէջ հետեւած է մարտական հրաձգութեան մարտավարական զօրավարժութեան` բարդ լեռնային տեղանքի մէջ, որու ընթացքին գրոհային մարտավարական խումբերը գործած են բնագիծերու բարելաւման ուղղութեամբ:
Կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնակատարը զրուցած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինծառայողներու եւ հրամանատարներու հետ, շնորհակալութիւն յայտնած անոնց անձնուէր ծառայութեան համար: Փաշինեան խրախուսած է դիրքապահ զինծառայողները եւ մաղթած առողջութիւն ու խաղաղ ծառայութիւն: