Տիգրանակերտի Հայկական Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին Աւերման Եզրին Է. լուսանկարներ
Իր պատմութեան ընթացքին Տիգրանակերտի հայկական Սուրբ Սարգիս պատմական կառոյցը ծառայեցուած է որպէս հացահատիկի պահեստ, ախոռ: Եկեղեցին որոշ ժամանակ օգտագործուած է նաեւ որպէս անմշակ բրինձի գործարան, որուն պատճառով ստացած է «Չելթիք քիլիսեսի» («Անմշակ բրինձի եկեղեցի») անուանումը:
Տիգրանակերտի Սուր շրջանի Ալիփաշա թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցին անցեալին կաթոլիկ հայերու հաւաքատեղի եղած է: Այն յայտնի է նաեւ «Խտըր –Էլիաս» անունով:
Գրաւոր աղբիւրներու մէջ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ կառուցման տարեթիւի վերաբերեալ յստակ տեղեկութիւններ չկան, եկեղեցւոյ տարածքին մէջ ալ որեւէ արձանագրութիւն չէ պահպանուած: Սակայն յատակագիծէն եւ որոշ ճարտարապետական առանձնայատկութիւններէ ելլելով` որոշ աղբիւրներ կ´ենթադրեն, որ եկեղեցին 16-րդ դարու կառոյց է:
Մաքս Ֆօն Բերխեմի «Ամիտա» (Տիարպեքիր) կոչուող գիրքին համաձայն` եկեղեցին կառուցուած է 1515թ․` Տիգրանակերտի բնակիչ օսմանահպատակ հայերուն կողմէն եւ կոչուած «Սուրբ Սարգիս»:
Ղուկաս Ինճիճեանի կողմէ 19-րդ դարուն հրապարակուած աշխատութեան մը մէջ կը խօսուի քարաշէն, հնգախորան հայկական եկեղեցւոյ մասին, իսկ Թուրքիոյ ասորական համայնքի ներկայացուցիչ, պատմաբան Գաբրիէլ Աքիւզը այս եկեղեցւոյ համար կ´օգտագործէ Մօր Տումեանա անունը:
Աղբիւրը` Էրմէնիհաբեր