ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը Մասնակցեցաւ Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնին

Յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ը իբրեւ կազմակերպիչ գործընկեր մաս կը կազմէ Պէյրութի միջազգային Մարաթոնին: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը կը մնայ Պէյրութի Մարաթոնի նախապատրաստական աշխատանքներուն կամաւորապէս մասնակցող հայկական առաջին կազմակերպութիւնը:
Նախորդ տարիներուն նման, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական զոյգ շարժումներու հարիւրէ աւելի անդամ-անդամուհիներ (սկաուտ, արենուշ, քառավել, երէց եւ խմբապետական կազմեր), սատարեցին Մարաթոնի յաջողութեան: Կազմակերպիչները գնահատեցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի հետեւողական, բծախնդիր եւ կամաւոր մասնակցութիւնը:
ՀԵԸ-ի սկաուտական զոյգ շարժումները իրենց խմբապետական կազմերով, Շաբաթ երեկոյեան համախմբուեցան ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնը: Անոնք միասնաբար ընթրեցին, կանուխ քնացան, նկատի ունենալով յաջորդ՝ Կիրակի օրուան պարտականութիւնները: ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Արթուր Գունտաքճեան եւ Շահան Սեմերճեան, ՀԲԸՄ-ի Վարիչ տնօրէն Անիթա Լիպիար, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ Եղիկ Աւետիքեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ Կարեն Պասմաճեան, անոնց կողքին՝ Հասմիկ Աւետիքեան, Թալին Ճեպեճեսն-Ինքնատիոսեան, Փերուզ Թիւթիւնճեան, Արին Ղազարեան, Նշան Ղորղորեան մօտէն հետեւեցան աշխատանքներուն յաջողութեան:
Առաւօտեան ժամը 4-ին, նախաճաշէն ետք, ՀԵԸ-ի սկաուտները երեք օթոպիւսներով ուղղուեցան մայրաքաղաքի կեդրոնը: Օթոպիւսներուն վրայ կը ծածանէին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշները: Տղաքը դիրք բռնեցին մրցավազքի «ֆինիշ լայն»ին երկու կողմերը, ուղեցոյց դառնալով վազորդներուն, իսկ աղջիկները երկու խմբակներու բաժնուելով, ստանձնեցին տարբեր պարտականութիւններ, վազորդներուն հայթայթելով ջուր, սննդանիւթ, մետալներ յանձնել շահողներուն:
Ուրախալի էր տեսնել ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը ներկայացնող մարզիկներու մասնակցութիւնը այս տարուան Մարաթոնի երկու գլխաւոր մրցումներուն: ՀԵԸ-ականներ՝ Արա Խաչատուրեան եւ տոքթ. Շահէ Փարթամեան աւարտեցին 42 քլմ. մրցավազքը, մինչ՝ Անթիթա Լիպիար եւ Ժիւլ Շեհին՝ 21.5 քլմ.-ը: Անոնք Մարաթոնի աւարտին ստացան համապատասխան վկայական:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումները իրենց օրինակելի ընթացքով, ազգային համերաշխութեան եւ միասնականութեան ոգի ներշնչեցին Մարաթոնին ողջ տեւողութեան:
ՀԵԸ-Ի Մամլոյ Եւ Տեղեկատուական Գրասենեակ