Թաթուլ Կրպէեանի Մասին Պատմող Գիրքի Շնորհանդէս Ալմելոյի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/11/6-10.jpg)
Հերթական հանգստեան կիրակին ՀՀ նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Բալայեան այս անգամ այցելեց Հոլանտայի ամենահայաշատ համայնք` Ալմելօ: Եկեղեցւոյ վարչութեան նախագահ Օնիկ Կելիճիի, վարչութեան անդամներու եւ կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէնին հետ ծանօթանալէ եւ կարճատեւ զրոյցէ ետք դեսպանը ծանօթացաւ կիրակնօրեայ դպրոցի եօթ դասարաններու աշակերտներուն հետ, ծանօթացաւ ուսումնական ծրագիրներուն: Յուզումով լսեց փոքրիկներու հայրենասիրական արտասանութիւնները եւ երգերը:
Այնուհետեւ այցելեց եկեղեցի, մասնակցեցաւ պատարագին:
Ծաղկեպսակ դրաւ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յուշահամալիրին: Հանդիպում ունեցաւ Ալմելոյի եկեղեցւոյ հետ համագործակցող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ժամանակ քննարկուեցան հարցեր` Հայրենիք Սփիւռք կապի, ներհամայնքային ծրագիրներու, յետագայ համագործակցութիւններուն վերաբերող հարցերու շուրջ:
Կէսօրէ ետք դեսպանը մասնակցեցաւ ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի կեանքին վերաբերող գիրքի եւ անոր երգերու շնորհանդէսին: Բանախօսն էր` Հայաստանի ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի կինը` Իրինա Բարսեղեան-Կրպէեանը: Ներկայացուեցան` «Թաթուլ Կրպէեան. Հիւսիսային Արցախի Գետաշէնի ենթաշրջանի ինքնապաշտպանութիւնը» գիրքը եւ Կրպէեանի երգերու ձայնասկաւառակը:
Սուետլանա Անդրեսեան
(Նիտերլանտական օրագիրի թղթակից, Ալմելօ)