Արամ Ա. Կաթողիկոս 5000 Տոլար Նուիրեց Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան» Թատերախումբին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/11/ipegian-1_111118.jpg)
«Ազդակ»-Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, հինգշաբթի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հոծ բազմութեան դիմաց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը «Հարսանիք թիկունքում» թատերախաղը ներկայացնելէ ետք, ուրբաթ երեկոյեան հանդէս եկաւ «Սիրոյ քեսթինկ», շաբաթ երեկոյեան` «Երկնագոյն շան աչքերը» ներկայացումներով, իսկ երէկ` կիրակի երեկոյեան անգամ մը եւս հանրութեան ներկայացաւ «Հարսանիք թիկունքում» թատերախաղով:
«Երկնագոյն շան աչքերը» անհեթեթ ներկայացում մըն է, որ կը խօսի իրարու անծանօթ աղջկայ մը եւ տղու մը մասին, որոնք ամէն գիշեր իրենց երազին մէջ կը հանդիպին իրարու: Անոնք կը փորձեն իրական կեանքին մէջ եւս զիրար գտնել, սակայն չեն յաջողիր:«Սիրոյ քեսթինկ»թատերախաղը կատակերգութիւն է, որ կը խօսի երեք տարեց կիներու մասին, որոնք մինակ կ՛ապրին եւ յանկարծ կ՛որոշեն իրենց այդ յառաջացած տարիքին մէջ ամուսնանալ: Անոնցմէ մէկը կը փորձէ համացանցով ամուսին գտնել իր ընկերուհիներէն մէկուն:
Պէտք է նշել, որ «Հարսանիք թիկունքում» թատերախաղի զոյգ ներկայացումներէն առաջ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անունով խօսք առաւ Արազ Գոճայեան: Ան նախ եւ առաջ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու թատերագիր Արա Արծրունիի յիշատակը: Գոճայեան նկատել տուաւ, որ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին հետ համագործակցութիւնը սկիզբ առած էր այս ամառ, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի Գիւմրի այցելութեամբ` աւելցնելով, որ ներկայացուելիք թատերախաղերուն ընթացքին հանդիսատեսները ականատես պիտի ըլլան բարձրորակ արուեստի եւ պիտի վայելեն Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի թատերախումբի հին եւ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն խաղարկութիւնը: Իր խօսքի աւարտին Գոճայեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն հաստատութիւններուն, ի մասնաւորի ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւոր «Պանք աֆ Պէյրութ»-ին, որոնց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ կարելի եղաւ իրականացնել սոյն նախաձեռնութիւնը:
Կիրակի օրուան ելոյթին ներկայ գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:
Ելոյթի աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի բեմադրիչ եւ գեղարուեստական պատասխանատու Լութֆիկ Յարութիւնեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում` թատերախումբերուն միջեւ:
Նշենք, որ վեհափառ հայրապետը, բարձր գնահատելով Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի կատարումը, հինգ հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց թատերախումբի անդամներուն: