«Նոր Անուններ» Երաժիշտներու Համերգային Ծրագիրի Բարձրորակ Կատարում Լիբանանի Մէջ

«Ազդակ»- Կիրակի, 11 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, կազմակերպութեամբ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումին, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ կայացաւ հայկական եւ միջազգային դասական երաժշտական եզակի համերգ` կատարողութեամբ Հայաստանի պատանի տաղանդաւոր երաժիշտներու «Նոր անուններ» խումբին` գլխաւորութեամբ Սիլվա Մեքինեանի:

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի ատենապետ Անահիտ Տանձիկեան: Ան յայտնեց, որ Հայաստանի «Նոր անուններ» ծրագիրը հիմնուած է 1989-ին` ղեկավարութեամբ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Սիլվա Մեքինեանի: Տաղանդաւոր պատանի երաժիշտները իրենց բարձրորակ կատարողութեամբ հիացմունք եւ զարմանք յառաջացուցած են ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ միջազգային հասարակութեան մէջ: Անահիտ Տանձիկեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ փոքրիկները իրենց տաղանդով բարձր կը պահեն հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը, մշակոյթն ու արուեստը` նուաճելով միջազգային բեմահարթակներ եւ արժանանալով համաշխարհային ճանաչողութեան:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի ողջոյնի խօսքը ընթերցեց դեսպանատան միջազգային յարաբերութեանց պատասխանատու Վլատիմիր Պօղոսեան: Դեսպանը իր խօսքին մէջ նշած էր, որ բարձր մակարդակի ելոյթի մը ականատեսը պիտի ըլլանք, որովհետեւ «Նոր անուններ» ծրագիրին մատուցելիք յայտագիրը, ղեկավարութեամբ Սիլվա Մեքինեանի եւ իր տեղակալ Նոնա Ոսկանեանի, գեղարուեստական վայելք պիտի պատճառէ բոլորին, եւ անոնք սրահէն պիտի բաժնուին յիշարժան տպաւորութիւններով: Դեսպան Մկրտչեան ողջունեց տաղանդաւոր պատանիները եւ բարի կեցութիւն մաղթեց անոնց:

«Նոր անուններ» ծրագիրի ղեկավարի տեղակալ Նոնա Ոսկանեան նշեց, որ մեծ պատիւ է Լիբանանի մէջ ներկայացնել «Նոր անուններ» ծրագիրը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումին` այս ծրագիրի իրականացման համար: Ան նշեց, որ այս տաղանդաւոր պատանիները մեր ապագան են, ոսկիէ հիմնադրամը: Արդէն երեսուն տարիներու ընթացքին պատանիները դարձած են աշխարհահռչակ երաժիշտներ: Ծրագիրին նպատակն է յայտնաբերել տաղանդները եւ աշխարհին ծանօթացնել զանոնք: Պատահական չէ, որ հանրապետութեան միջազգային մրցոյթներուն դափնեկիրները ընդգրկուած եղած են այս պատանիները: Ան նշեց ծրագիրի ղեկավար Սիլվա Մեքինեանի անուրանալի դերը  համերգային ծրագիրի յաջողութեան մէջ:

Ապա ընթացք առաւ յայտագիրը. Թաթուլ Համբարձումեան տուտուկով նուագեց «Հաւուն հաւուն»-ը: Արթուր եւ Արամ Կրիշչեան ջութակով ներկայացուցին Կոմիտասի «Կռունկ»-ը: Մերի Մոսինեան (քանոն), Քրիստինէ Ենոգեան (Քանոն), Թաթուլ Համբարձումեան (տուտուկ), Տիգրան Մարդանեան (դաշնակ) ներկայացուցին Յովհաննիսեանի «Քանոնի կոնցերտ» թիւ 3, 2 -3-րդ մասերը, Աւետիսեանի «Էլեգիա»-ն, Յովհաննիսեանի «Էքսպրոմտ»-ը: Տիգրան Մարդանեան դաշնակի վրայ նուագեց  Ֆալիայի «սպանական պար»-ը: Անի Մարգարեան մեներգեց «Երեւանեան մեղեդի»-ն, Օրբելեանի «Երգ ճանապարհի»-ն եւ ֆրանսական դասական երգ մը: Յայտագիրին երկրորդ բաժինով Պաւել Մնացականով դաշնակի վրայ նուագեց Լիստի «Պագանինիի մեծ էթիւտ» լա մինորը: Էդուարդ Խորոզեան քլարինեթով եւ Տիգրան Մարդանեան դաշնակով նուագեցին Մանգանի «Ռոմանս»-ը: Արամ Կրիշչեան (ջութակ) եւ Պաւել Մնացականով (դաշնակ) նուագեցին Խաչատուրեանի «Ադաչօ Սպարտակ բալետից»: Արամ Կրիշչեան (ջութակ), Պաւել Մնացականով (դաշնակ) եւ Էդուարդ Խորոզեան (քլարինեթ) նուագեցին Շոստակովիչի «3 պիես»: Արթուր եւ Արամ Կրիշչեան ջութակով ներկայացուցին Պիացոլա «Ադիոս Նոնինօ»-ն եւ Լիտվինովի «Անընդհատ շարժում»-ը: Աւարտին «Նոր անուններ» համոյթը նուագեց Խաչատուրեանի «Վալս»-ը («Դիմակահանդէս»):

Յայտագիրի աւարտին սրտի խօսք արտասանեց «Նոր անուններ» խումբի ղեկավար Սիլվա Մեքինեան: Ան նշեց, որ այս երեխաները մեր ուժն են: Եթէ այս տաղանդաւոր պատանիները այսպէս լաւ կը նուագեն, ապա մեր զինուորները մեր սահմանները կը փրկեն: Ան փափաք յայտնեց, որ աշխարհի բոլոր երեխաները սիրեն եւ տեսնեն հայրենիքը ինչպիսին է:

Սիլվա Մեքինեան յայտնեց, որ Պէյրութը շատ մօտ է Հայաստանին իր ջերմութեամբ, բնաւորութեամբ եւ տեսքով: Ան «Նոր անուններ» ծրագիրը նկատեց «ոսկիէ հիմնադրամ», իսկ իւրաքանչիւր անդամ անդամանդէն աւելի արժէքաւոր:

Ներկաները իրենց ծափահարութիւններով գնահատեցին պատանի տաղանդները եւ երաժշտական բարձրորակ յայտագիրի մը ունկնդրութեան վայելքը ապրելու բախտաւորութիւնը ունեցան:

 

Scroll Up