ԱՄՆ Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ վարժարանը տօնեց Երեւանի 2800ամեակը

3 Նոյեմբեր 2018, Շաբաթ օր, ԱՄՆ-ի Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը աշակերտական յայտագիրով տօնեց Երեւանի հիմնադրութեան 2800ամեակը: Վարժարանի աշակերտները նախ Երեւանի հին ու նոր լուսանկարներով պատրաստուած ցուցադրութիւն մը դիտեցին: Սահող նկարներուն հետ՝ աշակերտները լսեցին մայրաքաղաքի պատմութեան վերաբերեալ շահեկան գիտելիքներ, ներառեալ՝ անոր «մականունը»՝ «Վարդագոյն քաղաք»: Ցուցադրութիւնը անուանուած էր «Յետադարձ ակնարկ»: Ան աշակերտներուն ցոյց տուաւ, թէ Երեւանի բերդը, հիմնական պողոտաները, երեւելի շէնքերը, յուշարձանները եւ հրապարակները ինչպէս են այսօր եւ ինչպէս էին 50, 70 եւ 100 տարի առաջ: (Հանդէսին ներկայ գտնուող կարգ մը ծնողներուն համար զարմանալի չէր տեսնել, թէ հին լուսանկարներու մէջ Մայր Հայաստանի յուշարձանի պատուանդանին վրայ կը տեսնուէր Սթալինի, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ՝ Լենինի, իսկ Շառլ Ազնաւուրի հրապարակի վրայ՝ Խաչատուր Աբովեանի արձանը): Այս մասին Հայերն այսօր-ին կը տեղեկացնէ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէն Նորայր Տատուրեան:
Աշակերտները, որոնք դասարաններէն ներս մայրաքաղաքին նուիրուած երգերուն եւ բանաստեղծութիւններուն ծանօթացած էին, կուռ ձայնով երգեցին քաղաքի քայլերգը՝ «Էրեբունի-Երեւան»ը եւ Արմէն Մանդակունեանի «Երեւան, Երեւան» երգը: Մանկապարտէզի աշակերտուհիներէն, 7-ամեայ փոքրիկն Օտէթը արտասանեց հայրենասիրական գողտրիկ ոտանաւոր մը:
Վերջաւորութեան, Երեւանն ալ արժանապէս ունեցաւ իր կարկանդակը, որուն վրայ պատկերուած էր մայրաքաղաքի յատակագիծը՝ Արարատի եռաչափ կերտուածքի շուքին տակ:
Կը շնորհաւորենք մեր սիրուն մայրաքաղաքի ծնունդը եւ կը մաղթենք, ի՛նչ որ երգահան Մանդակունեանը մաղթած էր. «Եւ ես ունեմ մի մեծ երազ, որ մնայ ջինջ երկինքը քո- Երեւա՜ն Երեւա՜ն , դու ապրիր յաւիտեան»:
Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտութեան յաջորդ ծրագիրներն են Նոյեմբեր 22ին Համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքին մասնակցիլ, ապա սահմանապահ զինծառայողներուն նոր տարուայ բարեմաղթութիւններու նամակներ գրել եւ զանոնք Արցախ հասցնել: