Թուրք Հնագէտները Բաբերդի ՄԷջ Հայկական Եկեղեցի Յայտնաբերած Են

Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Պայբուրթ (հայերէն անուանումը Բաբերդ- tert.am) նահանգի պատմական բերդի տարածքին մէջ թուրք հնագէտները հողի տակ անցած հինաւուրց եկեղեցի ու ջրամբար  յայտնաբերած են:

Ինչպէս կը փոխանցէ Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Հայթերթ»-ը, Բաբերդի նահանգապետ Ալի Համզա Փեհլիւանը նշած է, որ բերդի տարածքին մէջ պեղուած է նաեւ 150-է աւելի գտածոյ, որոնց մէկ մասը կ’ենթարկուի ուսումնասիրութեան ու կը փոխանցուի թանգարան,  մաս մըն  ալ կը գոյքագրուի:

Թուրք նահանգապետը շեշտած է, որ Բաբերդի մէջ ժամանակին իշխած են հռոմէացիները, բիւզանդացիներն ու նաեւ արաբները, սակայն որեւէ կերպ չէ յիշատակած տարածքի հայկական անցեալին մասին:

Բաբերդը կազմած է պատմական Արեւմտեան Հայաստանի Սպեր գաւառէն  մաս մը: Ճորոխ գետի աջ ափին գտնուող Բաբերդը պատմական Կարինէն (Էրզրում-tert.am) շուրջ 120 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: 1915 թ.-ին Բաբերդն ունէր 30.000 բնակիչ, ներառեալ` 10.000 հայ:

Տեղի պատմական բերդը, որ կառուցուած է նահանգի նոյնանուն քաղաք-կեդրոնի հիւսիսը, այժմ կը գտնուի կիսաւէր վիճակի մէջ:

Scroll Up