Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք, Որպէսզի Ուաշինկթըն Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Հայկական Արմատներ Ունեցող Նորընտիր Քոնկրէսականը

«Ամերիկայի Ձայն»-ի հարցազրոյցը Ներկայացուցիչներու պալատի հայկական արմատներ ունեցող նորընտիր քոնկրէսական Էնթընի Պրինտիսի հետ:

«Ամերիկայի Ձայն». Խօսինք առաջադրուելու ձեր որոշման մասին: Ինչո՞ւ ընդունեցիք այդ որոշումը:

Էնթընի Պրինտիսի. «Իրականութեան մէջ այս շրջանի բնակիչները կը ցանկան տեսնել մէկուն, որ կը տեսնէ Քոնկրէսին մէջ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Այսօր Ուաշինկթընը բեւեռացուած է, դեմոկրատներն ու հանրապետականները իրար դէմ կը պայքարին, իսկ ես մէկն եմ, որ միշտ փորձած է միաւորել մարդոց` յանուն լուրջ խնդիրներու կարգաւորման: Եւ այս շրջանին մենք ունինք բազմաթիւ խնդիրներ` առողջապահութիւն, աշխատատեղեր, տնտեսութիւն: Ես կը ցանկամ աշխատիլ այն խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ, որոնք կ´անհանգստացնեն այս շրջանի աշխատաւոր մարդոց»:

«Ամերիկայի Ձայն». Արդեօ՞ք քաղաքական պայքարը բարդ կ´ընթանայ: Երբեմն այն յատկապէս բարդ է թեկնածուի ընտանիքին համար:

Էնթընի Պրինտիսի. «Կը կարծեմ, երբեմն մարդոց ետ կը մղեն թեկնածութիւնն առաջադրելէ յետոյ ծագող հնարաւոր դժուարութիւնները: Թեկնածուի կեանքը մանրազնին քննութեան  կ´ենթարկուի: Այս վախը նաեւ զերծ կը պահէ բազմաթիւ կարող մարդոց իրենց թեկնածութիւնն առաջադրելէ, իսկ իմ պատկերացմամբ, եթէ մենք կը ցանկանք բարելաւել այս երկիրը, ապա մեզի անհրաժեշտ է, որ արժանի մարդիկ առաջադրուին ընտրութիւններուն:

Հաւանաբար, ընտրական պայքարի առաւել բարդ հանգամանքը ընտանիքէն հեռու գտնուիլն է: Ես ունիմ 11-ամեայ որդի եւ 8-ամեայ դուստր, եւ ես ու կինս որոշում կայացուցինք երեխաներուն մասնակից դարձնել այս գործընթացին, տանիլ մեզ հետ ձեռնրակներու: Անոնք կը սիրեն  քարոզարշաւը, իսկ ես հնարաւորութիւն կ´ունենամ անոնց հետ ժամանակ անցնելու:

«Ամերիկայի Ձայն». Ձեր հայկական արմատներուն վերաբերեալ: Կրնա՞ք պատմել այդ մասին: Որքան տեղեակ եմ, մայրական կողմէն  հայ էք:

Էնթընի Պրինտիսի. «Իմ մեծմայրս… եւ անոր ընտանիքը Եդեսիայէն էին եւ Ցեղասպանութեան ժամանակ անոնք փախած էին: Իմ մեծմայրս ծնած է Սուրիա` Հալէպ:

Հայկական արմատներս իմ անցեալիս շատ կարեւոր մասն է: Մեծմօրս ընտանիքը այնուհետեւ տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, շատերուն պէս նախապէս ժամանելով Էլիս կղզի: Անոնց ազգանունը այստեղի փաստաթուղթերուն մէջ դարձուցած էին Մուրատ, եւ այստեղ անոնք նոր կեանք սկսելու հնարաւորութիւն  ստացած են: Հէնց ասիկա է «Ամերիկեան երազանքը», երբ մարդիկ այլ երկիրներէ կը ժամանեն` աշխատանք գտնելու, ընտանիք ստեղծելու, եւ այստեղ, այս երկրին մէջ յաջողութեան կը հասնին: Ես կ´ուզեմ համոզուած ըլլալ, որ մենք պիտի շարունակենք մնալ  երկիր մը, որ կ´ողջունէ աշխարհի տարբեր տեղերէ ժամանող ներգաղթեալներու»:

«Ամերիկայի Ձայն». Հայ համայնքը ձեզ աջակցութիւն ցուցաբերած է: Արդեօք կը նախատեսէ՞ ք աշխատիլ Ամերիկայի հայերու հետ:

Էնթընի Պրինտիսի. «Այո կը նախատեսեմ: Անշուշտ պիտի ընենք ամէն ինչ, որպէսզի Ուաշիկնթընի մէջ ճանչցուի Ցեղասպանութիւնը: Արդէն իսկ հանդիպած եմ Քոնկրէսի շարք մը անդամներու հետ, որոնք ունին հայկական արմատներ եւ կը ցանկամ աշխատիլ անոնց հետ հարցերու շուրջ, որոնք կարեւոր են հայերու համար:  Կը նախատեսեմ աշխատիլ հայկական հարցերու շուրջ եւ ըլլալ հայերու ձայնը Ուաշինկթընի մէջ»:

 

 

Scroll Up