Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Ժողովը՝ Լոս Անճելըսի Մէջ

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդը (ՀԱՀԽ) իր լիանիստ ժողովը գումարեց Լոս Անճելըսի Հայ աւետարանական միացեալ եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբեր 18էն 19:

Ժողովի առաջին նիստէն առաջ, յիշատակի կարճ պաշտօն մը կատարուեցաւ այն եօթը հայ աւետարանական հովիւներուն համար, որոնք ի Տէր ննջեցին 2017-2018 տարեշրջանին:

Ժողովը շնորհակալութեամբ ընդունեց խորհուրդի նախագահին, գործադիր տնօրէնին եւ գանձապահին գրաւոր եւ բերանացի տեղեկագիրները, ինչպէս նաեւ ՀԱՀԽի անդամ եօթը եկեղեցական միութեանց եւ կազմակերպութիւններուն բերանացի տեղեկատուութիւնները:

Ժողովի խորհրդածութեանց նիւթ դարձան եւ որոշումներ առնուեցան հետեւեալ նիւթերուն մասին.

– Վերագնահատումի նիւթ դարձան Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հարիւրամեայ տարեդարձի աշխարհասփիւռ տօնակատարութիւնները: Խորհուրդը իր գնահատանքը արձանագրեց տօնակատարութեանց թողած դրական տպաւորութիւններուն ու ազդեցութիւններուն համար:

– Վերագնահատումի առարկայ դարձաւ նաեւ Համաաւետարանական երիտասարդաց համագումարը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, Օգոստոս 2էն 16: Սոյն համագումարը կը վայելէր Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նիւթական եւ հոգեւոր հովանաւորութիւնը: Դրական եւ դրուատելի տեղեկագրութիւններ եղան այս համագումարին նկատմամբ:

– Երիտասարդացի առաջնորդները երեսուն առաջարկներ ներկայացուցած էին իրենց միութեանց ղեկավարութեան եւ խնդրած էին, որ այս առաջարկները լուրջ խորհրդածութեանց նիւթ դառնան:

– Խորհուրդը որոշեց, որ իւրաքանչիւր միութիւն սերտողութեան առարկայ դարձնէ յիշեալ առաջարկները, ապա որոշեց հայ աւետարանական հովիւներու, աշխարհական եւ երիտասարդ առաջնորդներու համաժողով մը գումարել Հայաստանի մէջ, 2020ի Օգոստոս ամսուան առաջին շաբաթը՝ երիտասարդներու առաջարկները սերտելու եւ որոշումներ տալու նպատակով:

ՀԱՀԽի  2018-2020ի դիւանի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ, եւ ընտրուեցան հետեւեալները՝ վեր. Ժօէլ Միքայէլեան՝ նախագահ, վեր. Ալպերթ Փայտեան՝ փոխնախագահ, վեր. Յարութիւն Սէլիմեան՝ ատենադպիր, դոկտ. Նուրհան Հելվասեան՝ գանձապահ: Վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան պիտի շարունակէ իր պաշտօնը որպէս գործադիր տնօրէն:

Պատշաճ շնորհակալական արտայայտութիւններ եղան անցեալի դիւանին եւ հիւրընկալ եկեղեցւոյ, ապա գործադիր տնօրէնին փակման աղօթքէն ու Առաքելական օրհնութենէն ետք  ՀԱՀԽի ժողովը վերջ գտաւ:

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան գործադիր տնօրէնն է Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի

Նստած, ձախէն աջ՝ դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, Զաւէն Խանճեան, վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, վեր. Պերճ Ճամպազեան, վեր. Ժօէլ Միքայէլեան եւ Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայն. Ետեւի շարք, ձախէն աջ՝ վեր. Աւետիք Խաչատրեան (հիւր), վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան (հիւր), վեր. Մկրտիչ Մելքոնեան, վեր. Յարութիւն Սէլիմեան, վեր. դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան, վեր. Ժիլպեր Լեւոնեան, վեր. Ալպերթ Փայտեան, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ վեր. Վաչէ Էքմէքճեան

Scroll Up