Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Անդամները

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան այսօր ընդունած է սոցիալ-դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամները` ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման ներկայ էր ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան:

Հանդիպման քննարկուած են Հայաստան-Սփիւռք կապերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող քաղաքական փոփոխութիւններուն առնչուող հարցեր:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարած է ՍԴՀԿ դերը հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան ամրապնդման գործին մէջ եւ յոյս յայտնած, որ ներհայաստանեան քաղաքական իրադարձութիւնները նոր ազդակ կը հաղորդեն Սփիւռքի եւ սփիւռքահայ քաղաքական կառոյցներու հետ յարաբերութիւններուն:

ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ողջունած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները եւ ընդգծած, որ ՍԴՀԿ-ն անվերապահ կ´աջակցի Նիկոլ Փաշինեանին` ժողովրդավարական, իրաւական պետութեան կառուցման, տնտեսութեան զարգացման եւ բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ:

Զրուցակիցներն անդրադարձած են Հայաստան-Սփիւռք կապերու յետագայ սերտացման: Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարած է Հայաստանի զարգացման օրակարգին մէջ սփիւռքահայութեան մեծ ներուժի ներգրաւման գործուն միջոցներու ձեւաւորումը: ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան անդամները նշած են, որ պատրաստ են աշխոյժ համագործակցելու ՀՀ կառավարութեան հետ այդ ուղղութեամբ:

Scroll Up