Արցախի Մէջ Տեղի Կ՛ունենան Մարտական Զօրավարժութիւններ

Այսօր Արցախի Պաշտպանութեան բանակի շարք մը զօրամասերու ներգրաւմամբ մեկնարկած են մարտավարական զօրավարժութիւններ եւ պիտի շարունակուին մինչեւ Նոյեմբեր 10:
Պաշպանութեան բանակէն կը նշեն, որ զօրավարժութեան նպատակն է կատարելագործել ընդգրկուած ուժերու եւ միջոցներու մարտական ներդաշնակութեան մակարդակը, ստուգել զօրամասերու մարտական պատրաստականութեան բարձր աստիճանի բերելու ծրագրներու իրատեսութիւնն ու զօրքերու մարտական կիրառման արդիւնաւէտութիւնը:
Չորս փուլով տեղի ունեցող զօրախաղերու ընթացքին առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի հրամանատարներու եւ կառավարման մարմիններու գործնական ունակութիւններու բարձրացման եւ ժամանակակից մարտի մէջ ստորաբաժանումներու, զօրատեսակներու ու ծառայութիւններու միջեւ նպատակային փոխգործողութեան իրականացման վրայ:
Աւարտական փուլի ընթացքին պիտի խաղարկուի «մխրճուած հակառակորդի ջախջախումը, առաջնագիծի վերականգնումը, յարձակման զարգացումը եւ բարենպաստ բնագիծերու գրաւումըէ» թեմայով մարտական հրաձգութեամբ զօրավարժութիւն: