Երեւանի Մէջ Որեւէ Պատմական Յուշարձան Այսու Յետ Պիտի Չքանդուի, Յայտարարեց Գլխաւոր Ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան (տեսանիւթ)

Ապօրինի շինարարութեան վերջ, հողազաւթման վերջ, օրինականացում պիտի չըլլայ, խնդիրներ մի՛ ստեղծէք, իր առաջին մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան: Ան նշեց, որ գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնը մինչեւ հիմա կարուած է քաղաքապետի ճաշակով:
«Ամենակարեւոր աշխատանքներէն մէկը պիտի ըլլայ այն, որ վերջնականապէս ճշդուի ճարտարապետի հիմնարկը, որ չանձնաւորուի այդ հիմնարկը, որ եթէ ուրիշ ճարտարապետ ալ գայ, ապա ան մշակուած գործառոյթով աշխատի»,-« Թերթ»-ի փոխամցմամբ ըսաւ ան եւ նշեց, որ գլխաւոր ճարտարապետը գործիքակազմ պէտք է ունենայ:
Ըստ անոր` ամենակարեւոր գործիքակազմը, որ անհրաժեշտ է կարգաւորելու ճարտարապետութեան ոլորտը, գրեթէ չկայ: Դիմելով քաղաքացիներուն` ան յայտարարեց. «Պուճաղային (կեղտոտ) աշխատանքին վերջ, ապօրինի շինարարութեան վերջ, հողազաւթման վերջ, օրինականացում պիտի չըլլայ, խնդիրներ մի՛ստեղծէք: Եթէ շինարարական ծրագիրները օրինական ճանապարհով փորձէք իրականացնել, կը խոստանամ, որ բոլոր հնարաւորութիւններով պիտի փորձենք հեշտացնել ձեր կեանքը»,-ըսաւ ան։
Արթուր Մեսչան նշեց, որ որոշ շինարարական աշխատանքներու ծրագիրներ զարմանք կ՛առաջացնեն, բայց «ագրեսիւ» շինարարութեան առումով ինչ-որ լուծումի փորձած են հասնիլ:
Ըստ անոր՝ «Հին Երեւան» նախագիծին մէջ ընդգրկուած որեւէ յուշարձան պիտի չքանդուի: «Անհրաժեշտ պիտի ըլլայ փոխել նախագծային լուծումները, որպէսզի այդ շէնքերը պահպանուին: Պատմական յուշարձաններու քանդման թեման եկէք համարենք սպառած»,-յորդորեց ան` վստահեցնելով, որ քանի դեռ ինք Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետն է, ոչ մէկ յուշարձան պիտի քանդուի: «Այն սեփականատէրերը, կառուցապատողները, որոնք կը գնեն որեւէ հողատարածք, ուր կը գտնուի որեւէ յուշարձան, անոնք պարտաւոր պիտի ըլլան ֆինանսաւորելու այս յուշարձանի վերակառուցման աշխատանքները: Սա այն է, ինչ չէ եղած եւ պիտի ըլլայ անպայման»,-ընդգծեց գլխաւոր ճարտարապետը:
Արթուր Մեսչեան նշեց, որ Երեւանի կեդրոնին մէջ կան շինարարութիւններ, որոնք ինք արդէն կանգնեցուցած է, մինչ տեղի կ՛ունենայ տրամաբանական լուծումներ: «Կը կարծեմ` հնարաւորինս պիտի պակսեցնեմ այն ցաւը, որ այսօր կը տանջէ մեր բնակիչներուն, եւ ատկէ կը շահի մեր քաղաքն ու բնակիչները»,-նշեց ան: