Ախալցխայի Փողոցներէն Մէկը Ազնաւուրի Պատուին Անուանափոխելու Նպատակով Դիմում Ներկայացուած Է Քաղաքի Շրջանային Ժողովին

Նոյեմբեր 5-ին «Սամցխէ-Ջաւախքի մետիա վերլուծական կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը դիմած է ք. Ախալցխայի շրջանային ժողովին` քաղաքի փողոցներէն մէկը անուանակոչել աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի անունով: Դիմումը mediaanalytic.org-ը կը ներկայացնէ ամբողջութեամբ.

Պարոն Կելա,

Ինչպէս յայտնի է, 2005 թուականին ք. Ախալցխայի  շրջանային ժողովը Շառլ Ազնաւուրին շնորհեց պատուաւոր քաղաքացիի կոչում, իսկ 2012-ին ան մասնակցեցաւ Ախալցխայի  Ռապաթ բերդի բացման արարողութեան, որուն ընթացքին բացուեցաւ անոր անուան աստղը:

2018 թուի հոկտեմբեր 1-ին ծագումով հայ ֆրանսացի երգիչը հեռացաւ կեանքէն: Ան արմատներով Սամցխէ-Ջաւախքի Ախալցխա քաղաքէն էր:

2018 թուականի հոկտեմբեր 31-ին Ախալքալաքի քաղաքապետարանը, ի պատիւ  Շառլ Ազնաւուրի, փողոցներէն մէկն անուանակոչեց անոր անունով:

Ողջունելի կ´ըլլար, որ ք. Ախալցխայի շրջանի ժողովը քննարկէր վերոնշեալ հարցը, եւ ի պատիւ  շառլ Ազնաւուրի` ք. Ախալցխայի փողոցներէն մէկը անուանակոչէր անոր անունով:

Կը կարծենք, որ ատիկա կը նպաստէր զբօսաշրջութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ Շառլ Ազնաւուրի անուան յաւերժացման:

Scroll Up