Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահը Կը Հովանաւորէ Շարլ Ազնաւուրի Նուիրուած Գեղարուեստական Հանդիսութիւնը
«Ազդակ»- Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Լիբանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն Պասսամ Սապա, Համազգայինի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան եւ Պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր ղեկավար Յարութ Ֆազլեան, այցելեց նախագահական պալատ եւ առաջարկեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին հովանաւորելու Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած գեղարուեստական հանդիսութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը մեծ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի վաստակին եւ արուեստին մասին, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ հայութեան կողքին Ազնաւուրի վայելած ժողովրդականութիւնը եւ անոր արուեստի գնահատելի ընկալումը լիբանանցի ժողովուրդին կողմէ: Ան հաստատեց, որ Ազնաւուրի ելոյթները միշտ ալ հմայած են լիբանանցի հանդիսատեսը եւ անոր երգերը կը լսուին ամէնուրեք: Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ հոկտեմբերին, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, մասնակից երկիրներուն բոլոր ղեկավարները իրենց խօսքերուն մէջ մեծ դրուատիքով արտայայտուեցան Ազնաւուրի մասին, եւ անոր երգերը լսուեցան այս առիթով կազմակերպուած բոլոր հաւաքներու ընթացքին ու տարբեր վայրերու մէջ: Հանրապետութեան նախագահը սիրով ընդառաջեց ձեռնարկի հովանաւորութիւնը ստանձնելու պատուիրակութեան առաջարկին:
Պատուիրակութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք նախագահին, ներկայացուց հանդիսութեան մանրամասնութիւնները: Հանրապետութեան նախագահը գնահատեց նախաձեռնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Յայտնենք, որ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Լիբանանի պետական երաժշտանոցի համատեղ գործակցութեամբ 15 եւ 16 նոյեմբերին «Սեն Ժոզեֆ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ազնաւուրի նուիրուած գեղարուեստական հանդիսութիւնը: Յայտագիրին պիտի մասնակցին Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, լիբանանցի ու հայրենի մենակատարներ եւ երաժիշտներ, ինչպէս նաեւ տեղական եւ Համազգայինի երգչախումբեր:
Հանդիսութեան պիտի հրաւիրուին կրօնական, պետական, դիւանագիտական եւ մշակութային անձնաւորութիւններ: Հանդիսութիւնը բաց պիտի ըլլայ մշակութասէր հանրութեան դիմաց: