Երեւանի 2800-ամեակին Նուիրուած Գրական-Երաժշտական Երեկոյ Քիեւի ՄԷջ

…Ամէն մի քարդ ինձ համար

Բարձունքի բարձունք է,

Ամէն մի բառդ ինձ համար

Հանճարի մասունք է…

Համօ Սահեան «Երեւան»

«Հայերն այսօր»- 2018 թուականի հոկտեմբերին աշխարհի ամենահինաւուրց  քաղաքներէն մէկուն` Երեւանին նուիրուած ձեռնարկներ  տեղի կ´ունենան ամէնուր,  ուր կ´ապրին եւ կ´աշխատին հայերը: Այո, ամենահինաւուրց, քանզի Հայաստանի մայրաքաղաքը  նոյնիսկ յաւերժական Հռոմէն աւելի տարեց է: Երեւանը 2800 տարեկան է:

Հոկտեմբերի սկիզբը Քիեւի մէջ` Եարոսլաւ Մուտրիի անուան Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մայրաքաղաքի մեծ յոբելեանին նուիրուած «Կը սիրեմ քեզ, իմ Երեւան» գրական-երաժշտական երեկոն: Կազմակերպիչը Քիեւի հայուհիներու խորհուրդն էր, որ կը գործէ «Քիեւի հայկական համայնք» հասարակական կազմակերպութեան ծիրէն ներս:

Իմաստուն ու երիտասարդ, պատմական ու ժամանակակից, լրջախոհ ու ժպտադէմ, բազմաչարչար ու անհոգ, յարմարաւէտ ու հանդիսաւոր, աւանդական ու ժամանակակից, քարակերտ ու փխրուն, հոգեւոր ու ճազային, վարդագոյն ու ծիրանի, խորհրդաւոր ու հիւրընկալ, հեռաւոր ու ցանկալի… Այս ամէնը Երեւանի մասին է: Եւ հէնց այդպիսին այն ներկայացուեցաւ երեկոյի ներկաներուն: Ծրագիրին մէջ հնչեցին հայոց մայրաքաղաքին նուիրուած սիրուած երգեր եւ բանաստեղծութիւններ, ինչպէս նաեւ գործիքային եւ պարային համարներ:

Ներկաները ծանօթացան մայրաքաղաքի պատմութեան հետ կապուած շատ հետաքրքիր փաստերու. Էրեբունի ամրոցէն, որ հիմնադրուած է 782 թ. Ուրարտուի Արգիշտի թագաւորին կողմէ, մինչեւ  ժամանակակից երկնաքերերը: Երեւան հայկական տաքարիւն բնոյթի եւ եւրոպական զսպուածութեան  խառնուրդ է: Այստեղ կը ծաղկի ժամանակակից արուեստը, եւ կը յարատեւեն դարաւոր աւանդոյթները: Իսկ  հին փողոցներուն մէջ ամէն  բակ իր խորքին մէջ հետաքրքիր անցեալ կը թաքցնէ: Երեւանին իրենց աշխատանքները նուիրած են հռչակաւոր  արուեստագէտներ` երաժշտագէտներ, բանաստեղծներ, նկարիչներ:

Հանդիսատեսի ուշադրութեան ներկայացուեցան վաւերագրական հատուածներ, որոնք կը պատմէին այն մասին, որ այստեղ ապրած եւ ստեղծագործած են այնպիսի մեծեր, ինչպիսիք են` նկարիչներ Մարտիրոս Սարեան եւ Մինաս Աւետիսեան, բանաստեղծներ Պարոյր Սեւակ եւ Համօ Սահեան, ճարտարապետներ Ալեքսանդր Թամանեան եւ Էդմոնդ Տիգրանեան, գիտնականներ Վիկտոր Համբարձումեան եւ Գրիգոր Գուրզադեան, դերասաններ Սօս Սարգսեան եւ Ֆրունզիկ Մկրտչեան, երաժշտահաններ Արամ Խաչատրեան եւ Առնօ Բաբաջանեան: Այսօր ալ անոնք կ´ապրին Երեւանի փողոցներու, դպրոցներու, թանգարաններու, պատկերասրահներու, թատրոններու, համերգասրահներու, գրադարաններու անուններուն, յուշարձաններուն մէջ:

Ներկաները նաեւ ծանօթացան քիեւահայ երիտասարդ նկարչուհի Գայեանէ Առուշանեանի (Էտիւդներ եւ խճանկարներ հայաստանեան շրջագայութենէն) ցուցահանդէսին:

Ձեռնարկի կազմակերպիչները կը հաւատան, որ մեր քիեւաբնակ հայրենակիցներուն, որոնք կը սիրեն ու կը կարօտնան Երեւանը, այս երեկոն նուիրեց  ջերմ յոյզեր եւ յիշողութիւններ, իսկ անոնք, որոնք երբեք չեն եկած Երեւան, ոգեւորուեցան այդ ցանկութեամբ. այցելել երազներու վարդագոյն քաղաք` Երեւան դարձած Էրեբունին: Հէնց այս երգն ալ` Հայաստանի մայրաքաղաքի հիմնը, հնչեց համերգի աւարտին բոլոր մասնակիցներու եւ հիւրերու կատարմամբ, եւ դարձաւ«Կը սիրեմ քեզ, իմ Երեւան» գրական-երաժշտական երեկոյի տրամաբանական եւ գեղեցիկ աւարտը:

Սալոմէ Ենգիբարեան

Քիեւի հայուհիներու խորհուրդի ներկայացուցիչ

Scroll Up