Մխիթար Հայրապետեան Ընդունեց Հրայր Ճէպէճեանը

Հոկտեմբեր 26-ին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, աստուածաբանութեան դոկտոր, գրող, հրապարակախօս Հրայր Ճէպէճեանը:

Ողջունելով հիւրը` Մխիթար Հայրապետեան շնորհաւորեց անոր նոր գիրքի լոյսընծայման առթիւ եւ բարձր գնահատեց այն գործունէութիւնը, որ Հրայր Ճէպէճեան կը կատարէ սփիւռքի մէջ:

«Իմ աշխատանքային գործունէութեան բերումով ճամփորդելով աշխարհով, ուսումնասիրելով համայնքներու խնդիրներն ու հայ մարդը` անդրադարձած եմ հայկական իրողութիւններուն, տեսած եմ սփիւռքի կեանքը եւ իմ երկրորդ գիրքս այդպէս ալ վերնագրած եմ` «Սփիւռքահայ կեանքեր, ինչպէս որ տեսայ»: Այն կ´ընդգրկէ 2011-2017 թուականներուն գրած յօդուածներս»,-նշեց հիւրն ու նախարարին նուիրեց իր հեղինակած գիրքը:

Խօսելով սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան մասին` հրապարակախօսն ընդգծեց, որ նահանջ կայ հայկականութեան մէջ, սակայն վիճակը վատթարագոյնը չէ, եւ յամառ աշխատանքով հնարաւոր է հայկական սփիւռքի ապագան աւելի լաւը դարձնել: «Ես յաճախ կը խօսիմ սփիւռքի երիտասարդներու քաղաքական ինքնութեան մասին, երբ անոնք իրենց հարց կու տան` ով են իրենք, ինչ կը նշանակէ հայ ըլլալ, ինչ է իրենց Հայաստան երկիրը: Եւ անոնք կը ցանկան իրենց պատկերացումները կամրջել իրականութեան հետ եւ տեսնել Հայաստանը»,-շեշտեց Հրայր Ճէպէճեան:

Համաձայնելով հիւրի հնչեցուցած կարծիքներուն` Մխիթար Հայրապետեան խօսեցաւ  սփիւռքի կեանքին մէջ Հայաստանի դերակատարութեան մասին` որպէս կեդրոնական պետութիւն եւ անկախ պետականութիւն: «Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործընթացն առաւել արդիւնաւէտ կ´ըլլայ, եթէ հայրենիքը ըլլայ ուժեղ, Հայաստան պետութիւնը դառնայ հպարտութիւն սփիւռքի նոյնիսկ մեր այն հայրենակիցներուն համար, որոնք այստեղ չեն ալ եկած: Այսօր սփիւռքի մէջ ամէնուր է նահանջը, եւ նաեւ նման գաղափարներով մենք պէտք է առաջ շարժուինք»,-ամփոփեց նախարարի պաշտօնակատարը:

 

Scroll Up