Լոնտոնի Գ Թահթայեան Կիրակնօրեայ Ազգային Վարժարանի 40-ամեայ Յոբելեանը

Հոկտեմբեր 13-ին Իլինկի Double Tree by Hilton պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Գ Թահթայեան կիրակնօրեայ ազգային վարժարանի հիմնադրման 40-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի ուսուցչուհի եւ հոգաբարձուհի տիկին Լենա Գիւլխանճեան: Գերաշնորհ Սրբազան հայրը շնորհաւորելով վարժարանի 40-ամեայ յոբելեանը` օրհնեց վարժարանը եւ ներկաները:

Երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Հայարփի Տրմէեան, շնորհաւորելով վարժարանի 40-ամեակը, բարձր գնահատեց վարժարանի դերն ու նշանակութիւնը բրիտանահայ երեխաներու հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ:

Վարժարանի տնօրէնուհի տիկին Ռուզաննա Թաթուլեան, նախկին տնօրէնուհի տիկին Անահիտ Ղազարեանցն իրենց ելոյթներուն մէջ շնորհաւորեցին վարժարանի բոլոր աշակերտներուն, ծնողներուն, ներկայ եւ անցեալի բոլոր ուսուցիչներուն, ծնողական յանձնախումբի անդամներուն, հոգաբարձուներուն, տնօրէններուն, խնամակալներուն, նուիրատուներուն, բոլոր նուիրեալներուն կրթօճախի հիմնադրման 40-ամեայ յոբելեանի առթիւ: Ելոյթով հանդէս եկաւ Բրիտանահայ համայնքային խորհուրդի ատենապետ պարոն Արմանդ Աբրահամեան: Շնորհաւորելով վարժարանի 40-ամեակը` ան նշեց, որ Բրիտանահայ համայնքային խորհուրդի առաջնահերթութիւնը եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ հնարաւորին չափով օժանդակել եւ աջակցիլ վարժարանին:

Իրենց դպրոցական տարիներու յիշողութիւնները ներկայներուն հետ կիսեցին վարժարանի շրջանաւարտներ` Անի Եղիկեան եւ Լիա Գիւլխանճեան: Տիկին Ժենիա Ներսիսեան Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք սակայն մեզ հայ են ասում» բանաստեղծութեան արտասանութեամբ հիացուց ներկաներուն: Երեկոյին առանձին շուք տուին վարժարանի շրջանաւարտներ` Վանուհի Պետրոսեան, Սիփան Դրօ Պետրոսեան, Տիգրան Մինասեան, Անտրէ Բաբայեան, Էլլէն Ադամեան եւ աշակերտուհի Մարիա Նազարեան` իրենց գեղեցիկ հայկական պարերով:

Երեկոն անցաւ շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Գ Թահթաեան կիրակնօրեայ ազգային վարժարանը հիմնադրուած է 1978 թուականին Բրիտանահայ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդի հովանաւորութեամբ եւ Գէորգ Թահթայի բարերարութեամբ: Վարժարանն իր գործունէութեան 40 տարիներուն ընթացքին դարձած է կայացած կրթական հաստատութիւն, ուր  կը սորվին, հայոց լեզու եւ հայեցի կրթութիւն  ստացած է հարիւրաւոր բրիտանահայ երեխաներ: Դպրոցին մէջ հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան գիտելիքներու հետ մէկտեղ աշակերտներուն կը փոխանցուին մեր ազգային ինքնութեան արժէքները, սովորութիւնները եւ ազգային մշակութային ժառանգութիւններն այնպէս, որպէսզի անոնք կարենան հասկնալ հայ ժողովուրդի ստեղծած հոգեւոր եւ նիւթական արժէքները:

Վարժարանն ունի իր կայացած կրթական ծրագիրը, եւ աշակերտները 9-րդ դասարանն աւարտելուն` կը յանձնեն աւարտական քննութիւն, որ կը համապատասխանէ անգլիական կրթական համակարգի GCSE-ի մակարդակին:

Լոնտոնի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման, սերունդներու հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան, հայապահպանական ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար Վարժարանը 2010 եւ 2017 թուականներուն արժանացած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ» մրցանակին: Սփիւռքի նախարարութիւնը բարձր գնահատելով Գ Թահթաեան կիրակնօրեայ ազգային վարժարանի աշխատանքները, 2018 թուականին վարժարանի  խումբ մը ուսուցչուհիներու պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներով, որոնք տրուին հոկտեմբեր 14-ին:

Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը հոկտեմբեր 14-ին Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Եկեղեցական յատուկ արարողութիւն` նուիրուած Գ Թահթաեան կիրակնօրեայ ազգային վարժարանի հիմնադրման 40-ամեակին եւ Սուրբ Թարգմանիչներու տօնին: Կաթողիկոսական Սրբատառ Կոնդակով Օրհնութեան գիրեր բաշխուեցան տիկնայք Սիլվա Շամմասեանին, Մայտա Չերչեանին եւ Աննա Հենտընին` Վարժարանին մէջ աշխատանքային 40-ամեայ գործունէութեան համար: Սրբազան Հայրը կատարեց նաեւ Հոգեհանգիստի արարողութիւն վարժարանի հիմնադիր անձերու` լուսահոգիներ Յակոբ Փալամուդեանի, Յարութիւն Այվազեանի, Օֆելիա Գույումճեանի եւ Գէորգ Թահթայի համար: Սրբազան Հայրը օրհնեց Գ Թահթաեան կիրակնօրեայ ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը, ծնողները, ուսուցչական կազմը, հոգաբարձուներն ու խնամակալները: Սփիւռքի նախարարութիւնը բարձր գնահատելով Գ Թահթաեան կիրակնօրեայ ազգային վարժարանի աշխատանքները, վարժարանի  խումբ մը ուսուցչուհիներու պարգեւատրած էր սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներով:

Սուրբ Պատարագի աւարտէն ետք , Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոս Հայարփի Տրմէեան եւ Վարժարանի տնօրինուհի տիկին Ռուզաննա Թաթուլեան, սփիւռքի նախարարութեան պատուգիրները փոխանցեցին ուսուցչուհիներուն:

Scroll Up