Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Անդամները

Հոկտեմբեր 30-ին Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամները: Հանդիպման ներկայ եղած է սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի ծառայութենէն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնած է, որ ընթացող գործընթացները դրական ազդեցութիւն կ’ունենան Հայաստանի մէջ ՌԱԿ-ի գործունէութեան վրայ եւ նոր թափ կը հաղորդեն կուսակցութեան զարգացման ու քաղաքական գործընթացներուն ներգրաւուածութեան բարձրացման:

ՌԱԿ կեդրոնական վարչութեան անդամները պատրաստակամութիւն յայտնած են կուսակցութեան արտերկրի կառոյցներու գործունէութեամբ նոր ազդակ հաղորդելու սփիւռքի հսկայական ներուժի իրացման` ի նպաստ հայրենիքի զարգացման: Անոնք նշած են, որ մտադիր են յառաջիկային Երեւանի մէջ սփիւռքահայ գործարարներու մասնակցութեամբ կազմակերպել տնտեսական համաժողով, որուն ընթացքին վերջիններս կը կարենան ծանօթանալ Հայաստանի մէջ առկայ ներդրումային միջավայրին եւ նախանշել նորանոր ծրագիրներ:

Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է նախաձեռնութիւնը եւ առաջարկած այդ ուղղութեամբ համագործակցիլ ՀՀ կառավարութեան համապատասխան մարմիններուն հետ:

Scroll Up