Դոկտոր Հրայր ճէպէճեան Կը Շարունակէ Սփիւռքահայ Կեանքեր Բացայայտել

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հոկտեմբեր 26-ին տեղի ունեցաւ արաբական ծոցի երկիրներու աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, աստուածաբանութեան դոկտոր, գրող,հրապարակախօս Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը:
Ձեռնարկին աւարտին Հրայր Ճէպէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց կնոջը` Արտային, զաւակներուն` Վահէին եւ Ալիքին, որոնք անվերապահօրէն կը քաջալերեն զինք ազգային, եկեղեցական եւ հասարակական աշխատանքներուն մէջ: Ի դէպ, գիրքի խմբագիրը դոկտոր Արտա Ճէպէճեանն է:
Այնուհետեւ անդրադառնալով գիրքի լոյս ընծայման` հեղինակն ընդգծեց, որ վերջին 30 տարիներուն աշխատանքի բերումով յաճախ կը ճամփորդէ տարբեր երկիրներ եւ այդ ընթացքին ազատ ժամանակ ունենալուն պէս` անպայման հայկական հետքեր կը փնտռէ. համայնքներ կ´այցելէ, կը փորձէ հասկնալ, թէ այնտեղ ապրող հայերն ինչ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած են կամ, պարզապէս, կը զրուցէ անոնց հետ եւ կը բարեկամանայ:
«Այս գիրքով ցանկացայ ներկայացնել հայն` իր առօրեայ կեանքին ու գոյապայքարին մէջ: Այցելելով բազմաթիւ երկիրներ` ես տեսայ, թէ մեր սփիւռքն որքան բազմերանգ է: Հայ ենք, բայց տարբերութիւններ կան: Սփիւռքի մէջ այսօր հայապահպանման պատերազմ է: Իւրաքանչիւր հայ համայնք «ճակատամարտի» մէջ է: Պիտի շարունակենք պատերազմն ու յաղթե՛նք»,-նշեց Հրայր Ճէպէճեան` աւելցնելով, որ ամէն ինչ այնքան ալ վարդագոյն չէ իր տեսածին մէջ:
Աւելի պատկերաւոր ըլլալու համար Հրայր Ճէպէճեան քանի մը պատմութիւն ներկայացուց: Եթովպիոյ մայրաքաղաք Ատիս Ապեպայի մէջ հաճելիօրէն զարմացած է` իմանալով, որ 70 հոգինոց փոքրիկ համայնքի ջանքերով քաղաքի կեդրոնը գտնուող հայկական եկեղեցւոյ մէջ ամէն կիրակի պատարագ կը մատուցուի` խնկարկելով եկեղեցին եւ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած: Այնտեղ միայն երկու սարկաւագ հոգեւոր սպասաւորութիւն կը կատարէ: Հրայր Ճէպէճեանին հիացուցած է նաեւ Ատիս Ապեպայի` խառնամուսնութեան զաւակներ հանդիսացող հայ երիտասարդներու հայրենասիրական ոգին, քրիստոնէական հաւատքին եւ արմատներուն հաւատարիմ մնալը, որոնք, թէկուզ անվարժ, սակայն, հայերէն կը խօսին:
Այլ համայնքներ այցելելուն` Հրայր Ճէպէճեանը մտահոգած է հայ երիտասարդներու` Մայրենիին չտիրապետելը: Ինչպէս օրինակ, անցեալ տարի Մարսէլի մօտ գտնուող փոքրիկ քաղաքի փողոցներէն մէկով քալելուն` ակնոցներ վաճառող խանութ մը տեսած է` վրան փակցուած «Աֆարեան» ցուցանակը: Իսկոյն մտածած է` գուցէ խանութին տէրը քեսապցի ըլլայ: Այդպէս մտածած է, որովհետեւ այդ ազգանուամբ քեսապցի շատ ծանօթներ ունի:
Մտնելով խանութ` երկու երիտասարդի հանդիպած է, անոնց հետ հայերէն խօսած, հարցուփորձ ըրած արմատներէն (պարզուած է` Քեսապցի չեն), սակայն չեն կրցած հայերէն պատասխանել, որմէ յետոյ ֆրանսերէն եւ անգլերէն խօսած են: Ապա կին մը զինք մօտեցած եւ ըսած է` ի զուր հայերէն կը հաղորդակցուի. այստեղ սեփական լեզուով խօսող հայերու քիչ պիտի հանդիպի:
Նոյն խնդրին ականատես եղած է Պուէնոս Այրէսի մէջ. հայկական դպրոցի տնօրէնը զրոյցի ընթացքին Հրայր Ճէպէճեանին տեղեկացուցած է, որ աշակերտները դժուարութեամբ հայերէն կը խօսին, սակայն ամէն ջանք կը գործադրեն` անոնց հայերէն սորվեցնելու եւ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու համար:
Հրայր Ճէպէճեանի` սփիւռքահայ կեանքին նուիրուած պատմութիւնները շատ են` մէկը միւսէն յուզիչ, տպաւորիչ եւ այնքա՜ն «հայեցի»: Մաղթե՛նք իրեն արգասաբեր գործունէութիւն, յարատեւ թռիչք իր առաքելութեան մէջ եւ աշխարհացիր հայ մարդուն բացայայտելու նորանոր ուրախ առիթներ:

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up