Մխիթար Հայրապետեան Ընդունեց ՀՀ-ի ՄԷջ Վրաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Գիորգի Սագանելիձէն

Հոկտեմբեր 30-ին Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Վրաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գիորգի Սագանելիձէն:
Ողջունելով դեսպանը` Մխիթար Հայրապետեան վստահութիւն յայտնեց, որ երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը կը շարունակուի եւ կը զարգանայ ու աւելցուց. «Մեր ժողովուրդները պիտի յաջողին նոր որակի յարաբերութիւններ կառուցել` փոխվստահութեան մթնոլորտի մէջ: Վրաստան բնակող հայերը եւ՛ Հայաստանի, եւ Վրաստանի հպարտութիւնն են: Այս իմաստով շատ կարեւոր է հայկական համայնքի գոյութիւնը վրացական հողին վրայ, որ երկու երկիրներու դարաւոր բարեկամութեան երաշխիքն է»:
Վրաստանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար եւ նշեց. «Ինծի համար մեծ պատիւ է հանդիպիլ աշխոյժ գործունեայ երիտասարդ նախարարի հետ: Մեր երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները եղած են միշտ, դեռ այն ժամանակներէն, երբ կը սկսի մեր ժողովուրդներու պատմութիւնը: Վստահ եմ, որ այդ բարեկամութիւնը կը շարունակուի եւ աւելի կ’ամրանայ ու կը զարգանայ»:
Քննարկուեցան նաեւ կրթամշակութային ձեռնարկներու, ճանապարհներու վերանորոգման, մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերող հարցեր

Scroll Up