Նախարարի Պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան Ընդունած Է ՀՄՄ-ի Ներկայացուցիչները

Հոկտեմբեր 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան եւ Հայ մարմնամարզական միութեան ներկայացուցիչներ Միսաք Նաճարեան, Վազգէն Մեսրոպեան եւ Մանուկ Շեքերտեմեան քննարկած են նախարարութեան եւ ՀՄՄ-ի գործակցութեան բազմաթիւ ծրագիրներ:

Նախարարի պաշտօնակատարը ողջունած է հիւրերը եւ ընդգծած միութեան կողմէ տարբեր մարզաձեւերու զարգացման ուղղուած աշխատանքներու անհրաժեշտութիւնը: Միսաք Նաճարեան ընդգծած է, որ նախարարութեան հետ գործակցութեան սերտացումը կը նպաստէ Հայաստան-Սփիւռք կապի ամրապնդման: Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնած են նախարարի պաշտօնակատարին ընդունելութեան համար եւ վստահեցուցած, որ պիտի շարունակեն իրենց ծրագիրներու իրագործումը հայ երիտասարդներու շրջանին մէջ, որ ոչ միայն կը զարգացնէ բոլոր այն մարզաձեւերը, որոնք ընդգրկուած են յառաջիկայ համահայկական խաղերուն, այլեւ կը նպաստէ հայրենիքի հետ կապի ամրապնդման:

Scroll Up