Մխիթար Հայրապետեան Այցելած Է «Մխիթար Սեբաստացի» Եւ ACIS Կրթահամալիրներ
Հոկտեմբեր 26-ին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան այցելեց «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիր: Նախարարի պաշտօնակատարը կրթահամալիրին մէջ ծանօթացաւ կրթական գործընթացին ու յառաջիկայ նախագիծերուն:
Մխիթար Հայրապետեան, անդրադառնալով կրթահամալիրի գործունէութեան, նշեց, որ հանրակրթութեան ոլորտին մէջ կը խրախուսեն այլընտրանքային, նորարարական ու ստեղծագործական մօտեցումները: Ան շեշտեց, որ կրթահամալիրն ունի այլընտրանքային կրթական ծրագիրի իրականացման այնպիսի փորձ, որ թոյլ կու տայ երեխաներուն զարգանալ որպէս անհատ:
Եւրոպայի մէջ գործող ամենաերիտասարդ նախարարը նախքան ապագայ լրագրողներու հացերուն պատասխանելն ընդգծեց, որ նորը ստեղծելու եւ որեւէ ոլորտի մէջ լաւագոյնը դառնալու համար հարկաւոր են կամք ու ցանկութիւն:
Օրուան վերջը նախարարն այցելեց նաեւ Հայաստանի «Քեմպրիճ միջազզգային կրթահամալիր», որ կ´օգտագործէ միասնական ուսումնական ծրագիր: Մխիթար Հայրապետեանին տեղեկացուցին, որ կրթահամալիրին մէջ հայալեզու երեխաներու համար կը գործէ ՀՀ նախադպրոցական եւ միջնակարգ կրթական ծրագիր` քեմպրիճեան քննութիւններու բաղադրիչներու յաւելումով:
Ուսուցման հիմնական լեզուն հայերէնն է: Կայ նաեւ յաւելեալ անգլերէն, ռուսերէն եւ սպաներէն լեզուներ սորվելու ընտրութեան հնարաւորութիւն:
Նախարարի պաշտօնակատարն ընդգծեց, որ ACIS կրթահամալիրը լաւ օրինակ է, որ կը կիրառէ հայկական պետական ուսումնական հաստատութիւններու համար նախատեսուած ծրագիրը քեմպրիճեան միջազգային ուսումնական ծրագիրին հետ զուգահեռ եւ հնարաւորութիւն կու տայ աշակերտներուն ստանալ բազմակողմանի կրթութիւն: