Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ. Արժանի Մեծարանք՝ Դոկտ. Էլլի Անդրէասեանին

Այսօրուան հայկական վարժարանները, ազգային հաստատութիւնները, հայատառ թէ անգլիատառ հայ մամուլը իրենց կարեւոր ներկայութիւնը պիտի ունենան վաղուան պատմաբանին ուսումնասիրութիւններուն մէջ։ Իսկ այդ պատմութիւնը կերտողները մենք ենք ամերիկեան այս աշխարհին մէջ, որոնցմէ մէկը անպայմանօրէն պիտի հանդիսանայ Դոկտ. Էլլի Անդրէասեանը։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութեամբ, իրականացաւ իր տեսակին մէջ նոր ձեւաւորուող՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին ու Հոկտեմբերին զուգադիպող «Մեծարանքի երեկո»-ներու առաջնեկը՝ պատուելով երկարամեայ կրթական մշակ, հայ ինքնութեան ռահվիրայ, մանկավարժ Դոկտ. Էլլի Անդրէասեանը։

Հոկտեմբեր 17-ի երեկոյեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Համբար» սրահին մէջ, մտաւորականներու եւ մանկավարժներու մեծ փաղանգի մը ներկայութեան, արժանին մատուցուեցաւ Երեւանի Բրիւսովի եւ Պոսթոնի համալսարաններէն վկայեալ, ֆրանսերէնի եւ մանկավարժութեան նուիրեալ, ՀԲԸՄ-ի Պոսթոնի վարժարանի նախկին տնօրէնուհի, ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի նախկին փոխտնօրէնուհի, ներկայիս Արեւմտեան թեմի շաբաթօրեայ վարժարաններու կրթական յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Դոկտ. Էլլի Անդրէասեանին։

Այս առիթով իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին մեծարեալին նախկին աշակերտներէն Պրն. Ռաֆֆի Գահուէճեանը,  ինչպէս նաեւ նախկին գործընկերներէն Տիկ. Հուրի Խեչումեան, Պրն. Յակոբ Յակոբեան եւ Դոկտ. Մինաս Գոճայեան։ Արուեստագէտ Վաչէ Մանկրեանն իր սրտի խօսքէն ետք նուիրեց Կոմիտասեան դաշնամուրային եռաշարք կատարում մը։ Ձեռնարկի ընթացքին ընթերցուեցան շնորհաւորագիրերը ՀԲԸՄ-ի փոխնախագահ Պրն. Սինան Սինանեանի, ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի, ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետուհի Տիկ. Թալին Եագուպեանի եւ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Արփի Աւանէսեանի։

Գեղարուեստական ընդմիջումներով երեկոն ճոխացուցին Դաւիթ Կուզուկեանը՝ շուի («Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայի նախկին աշակերտ) դաշնամուրի ընկերակցութեամբ մեծարեալին դուստր՝ Օրդ. Արուս Անդրէասեանի, ինչպէս նաեւ մեներգ՝օփերային երգիչ Սուրէն Մկրտչեանի կատարմամբ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Արմինէ Ղազարեանի։

Յուզիչ եւ տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան նաեւ Դոկտ. Անդրէասեանի դուստրերը՝ Արուսն ու Անահիտը, իսկ սահիկներով մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ մեծարեալին կեանքէն պատառիկներ։

Աւարտին, Գերաշնորհ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան բարձրօրէն գնահատեց Դոկտ. Անդրէասեանին վաստակը եւ հաշուի առնելով անոր բազմամեայ ծառայութիւնը թեմին եւ գաղութին, շնորհեց  “Archbishop’s Award”։

Յուզուած էր Դոկտ. Էլլի Անդրէասեան։ Իր դիմաց կը գտնէր 150-է աւելի հարազատ դէմքեր՝ նախկին թէ ներկայի գործակիցներ, բարեկամներ, զինք գնահատողներ։ Շնորհակալական խօսքէ եւ բարի մաղթանքներէ ետք, Առաջնորդ Յովնան սրբաանին, Արժանապատիւ Տէր Շնորհք Աւագ Քհնյ. Տէմիրճեանի եւ Բրշ. Յովհաննէս Սրկ. Գումրուեանի աղօթքով փակուեցաւ երեկոն։

Այս առթիւ կազմուած յայտագիր-թերթիկին մէջ զետեղուած էին նաեւ շնորհաւորական այլ խօսքեր, իսկ օրուան հանդիսավարներն էին Բրշ.  Յովհաննէս Սրկ. Գումրուեան եւ Հրաչ Սեփեթճեան։

Շնորհակալութիւն կազմակերպիչ յանձնախումբին,  առաջնորդարանի անձնակազմին եւ «Յովնան Տէրտէրեան կրթաթոշակներու» յանձնախումբի տիկիններուն,  որոնք յանձն առած էին հիւրասիրութեան կազմակերպումը։

Հրաչ Սեփեթճեան

«Նոր օր» շաբաթաթերթի խմբագիր

Scroll Up