Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողով

Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, գումարուեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի լիակատար նիստը:
Ժողովի ընթացքին յաջորդաբար լայն քննարկումի նիւթ դարձան կաթողիկոսարանի կալուածներու եւ շինարարութեան առնչուած աշխատանքներ ու ծրագիրներ, շահարկման ու տնտեսական հարցեր, թեմերու վերակազմակերպումի հոլովոյթին հետ աղերս ունեցող աշխատանքներ, յարաբերութիւն ու գործակցութիւն Հայաստանի եւ Արցախի հետ, կաթողիկոսարանի հովանաւորութիւնը վայելող ընկերային ու մարդասիրական հաստատութիւններու հետ կապ ունեցող աշխատանքներ (Ազգային բուժարան, Թռչնոց բոյն, Ազգային ծերանոց), Ֆանարի ժողովրդային տուներու հետ կապուած հարցեր եւ ընդհանրապէս թեմերուն կողմէ ներկայացուած առաջարկներ կամ մտահոգութիւններ:
Քաղաքական ժողովը Կրօնական ժողովին նման կը բաղկանայ 17 աշխարհականներէ: Անոր ատենապետներն են Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերեճեան, իսկ ատենադպիրներն են Սեդա Խտըշեան եւ Վահէ Եագուպեան:
Նոյն օրը երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սահմանադրութեան համաձայն, տեղի ունեցաւ Խառն ժողով:
Սոյն հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Անթիլիաս-Էջմիածին եւ Անթիլիաս-Հայաստան-Արցախ գործակցութեան առնչուած հարցեր, թեմական կանոնագրութիւններ, Սիսի կաթողիկոսարանի դատը, Նոր Կիլիկիա գիւղի ծրագիրը Արցախի մէջ եւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը:
Վերոյիշեալ մարզերուն կամ հարցերուն գծով ժողովականներուն տրուեցան անհրաժեշտ բացատրութիւններ եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն գծով տրուեցան որոշումներ:
Վեհափառ հայրապետը, եզրակացնելով ամբողջ օրուան ընթացքին տեղի ունեցած ժողովական աշխատանքները, շեշտեց հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ժողովական կառոյցներու ճամբով մեր ժողովուրդի մասնակցութեան առաւել զարկ տալու հրամայականը, յատկապէս թեմական մակարդակի վրայ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Կիլիկեան Ս. Աթոռը միշտ կը մնայ թափանցիկ իր գործունէութեան մէջ եւ համառատու` իր ժողովուրդին: Ան նաեւ շեշտեց հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներուն հետ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման նպաստող աշխատանքները աւելի ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը: