Հայ Մշակոյթի Եւ Թարգմանչաց Տօներուն Առթիւ Մանկական Տօնահանդէս Նոր Ջուղայի ՄԷջ

Հոկտեմբեր 12-ին Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մանկական տօնահանդէս` նուիրուած Հայ մշակոյթի եւ Թարգմանչաց տօներուն:

Ինչպէս Նոր  Ջուղայէն «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Երանուշ Թահմազեան, ձեռնարկը յագեցած էր բեմային ծրագրով, բազմատեսակ խաղերու, մանկական գիրքերու, խաղալիքներու, մանկական դիմայարդարման, հարցաթերթիկներու, լուսանկարչական եւ այլ հետաքրքիր  կրպակներով, ինչպէս նաեւ անուշահամ ուտեստներու մատակարարումով:

Բեմային ծրագիրը սկսաւ Նելի Ղազարեանի եւ Սինթիա Պօղոսեանի կատարմամբ մանկական երգով, որմէ յետոյ ներկաները ողջունեցին եւ բարի ժամանց մաղթեցին հանդիսավարուհիներ Նազէ Ասատրեան եւ Անի Ղազարեան:

Բեմային ծրագիրը շարունակուեցաւ երգերով ու բառակազմութեան եւ գրական հետաքրքիր մրցոյթներով: Զուարճալի եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ իրականացուած երեկոյի նախաձեռնողը եւ կազմակերպիչը միութեան Մշակութային միաւորի վարչութիւնն էր, որուն անվերապահ համագործակցութիւն բերած էին «Կռունկ» համոյթի պատասխանատուներն ու անդամները եւ անոնց ծնողները եւ  շարք մը միութենականներ եւ անհատներ:

Լուսանկարները` հեղինակի

Scroll Up