Լեւոն Հայրապետեանի Յիշատակին Վանք Համայնքին ՄԷջ Խաչքար-Յուշարձան Բացուած Է

Հոկտեմբեր 18-ին հայազգի բարերար եւ գործարար Լեւոն Հայրապետեանի մահուան տարելիցին կապակցութեամբ Մարտակերտի շրջանի Վանք համայնքին մէջ տեղի  ունեցած է խաչքար-յուշարձանի բացման արարողութիւն:

Այս մասին «Արցախպրես»-ին տեղեկացուցին Մարտակերտի շրջանային «Ջրաբերդ» պաշտօնաթերթէն` մանրամասնելով, որ խաչքարը կանգնեցուած է համագիւղացիներու ջանքերով` ի նշան երախտագիտութեան մեծ հայուն:

Աղբիւրի հաղորդմամբ` ձեռնարկը ելոյթներով հանդէս  եկած են վանքի համայնքի ղեկավար Անտրէ Սարգսեան, Գուրգէն Հայրապետեանի անուան միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Արամայիս Բալայեան, համագիւղացի բարերար Արսէն Եոնիսեան: Խաչքարի բացման պատիւը տրուած է Գուրգէն Հայրապետեանի անուան միջնակարգ դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտներ Գարեգին Սբրահամեանին եւ Արմէն Ահարոնեանին: Ապա Տէր Մատթեւոս քահանան կատարած է օրհնութեան կարգ, որմէ յետոյ ներկաները ծաղիկներ  խոնարհած են յուշակոթողին:

Այնուհետեւ Գանձասարի վանական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է  հոգեհանգստեան արարողութիւն`բարերարի հոգիի խաղաղութեան համար:

Բացման արարողութեան ներկայ էին Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Էտկար Յարութիւնեան, հիւրեր եւ այլք:

Լուսանկարները` Մարտակերտի շրջանային  «Ջրաբերդ» պաշտօնաթերթի

 

Scroll Up