Մխիթար Հայրապետեան Ընդունեց Գերապայծառ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեանը

Հոկտեմբեր 18-ին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան հիւրընկալեց Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանը: Գորապայծառին կ´ընկերանար Հայր Եղիա վարդապետ Քիլաղպճեան:
Ողջունելով հիւրերը` Մխիթար Հայրապետեան բարձր գնահատեց Մխիթարեան միաբանութեան բեղուն գործունէութեան ու հսկայական դերակատարութեան: Գերապայծառ Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքէեան նախարարի պաշտօնակատարին ներկայացուց Պո-Արաքս մշակութային ընկերակցութեան (Իտալիա) աշխատանքները, որոնց նպատակը հայոց լեզուի պահպանումն ու զարգացումն է յատկապէս սփիւռքի մէջ: «1986 թուականէն ամէն տարի օգոստոսին Վենետիկի պետական համալսարանի հայագիտական ամպիոնի աջակցութեամբ կը կազմակերպուի հայոց լեզուի եւ մշակոյթի խտացուած դասընթաց: Մեծ է ցանկութիւնը, որ այդ ամառնային դասընթացներու վկայականները ճանչցուին նաեւ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ»,-նշեց Սրբազանը:
Գերապայծառ Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեան անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ գրաբարի ուսուցման, միասնական ուղղագրութեան եւ սփիւռքի կրթօճախներու մէջ հայերէնի դասագիրքերու խնդիրներուն:
Մխիթար Հայրապետեան, անդրադառնալով բարձրացուած հարցերուն, շեշտեց, որ նոյեմբերին կը ձեւաւորուի միջգերատեսչական յանձնաժողով` սփիւռքի ու կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու, կրթական գործունէութեամբ զբաղուող մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Յանձնաժողովը կը փորձէ վերլուծել սփիւռքի կրթական խնդիրները, յաջողած փորձը եւ լուծումներ գտնել` խորհրդակցելով նաեւ սփիւռքի ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպման աւարտին Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեան Մխիթար Հայրապետեանը հրաւիրեց Վենետիկ` ծանօթանալու Մխիթարեան միաբանութեան ահռելի ժառանգութեան: