Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հիւրընկալած Է Գերապայծառ Տէր Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքէեանը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր հիւրընկալած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիյեանը: Անոր կ´ուղեկցէր Հայր Եղիա վարդապետ Քիլաղպճեան:
Ողջունելով Սրբազանը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ` Արմէն Սարգսեան ըսած է. «Մեր բարեկամութիւնը երկար տարիներու, քանի մը տասնամեակներու պատմութիւն ունի: Մեր առաջին եւ յետագայ բոլոր հանդիպումներն իմ յիշողութեան մէջ առանձնայատուկ օրեր են, իսկ վերջին հանդիպումը` Վիեննայի մէջ, մեծ հաճոյք էր Ձեզ հետ միասին ըլլալ Մխիթարեան միաբանութեան պատմական շէնքին մէջ, այցելել թանգարան»: Հանրապետութեան Նախագահը բարձր գնահատած է Գերապայծառ Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանի բեղուն գործունէութիւնը` ուղղուած հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային ժառանգութիւնն աշխարհին ճանաչելի դարձնելուն, հայապահպանութեան ու սերունդներու կրթութեան: «Ձեր այցելութիւնը կարեւոր է ոչ միայն հոգեւոր եւ կրօնական, այլ նաեւ` մշակութային առումով»,- նշած է նախագահ Սարգսեան եւ աւելցուցած. «Ինծի համար Դուք նախ եւ առաջ փրոֆէսոր էք, հայագէտ, իսկական ուսուցիչ, իսկ հոգեւոր առաջնորդը նախ եւ առաջ պէտք է ուսուցիչ ըլլայ: Կը կարծեմ` կամուրջ էք ոչ միայն Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն միջեւ, ոչ միայն հայ առաքելական եւ կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ, այլեւ շատ կարեւոր է Ձեր դերը հայ մշակոյթի եւ գրականութեան, հայոց լեզուի պահպանման ու տարածման գործին մէջ»:
Գերապայծառ Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հանրապետութեան Նախագահին ջերմ եւ քաջալերող խօսքերու համար` ընդգծելով. «Ինծի համար,անշուշտ, մեծ ուրախութիւն էր նախագահի պաշտօնին Ձեր ընտրութիւնը: Շատ ուրախացայ նախ բարեկամութեան պատճառով, բայց նաեւ Ձեր անձին համար` այս շատ բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնին: Ի սրտէ, նաեւ բոլոր միաբաններու անունով կը մաղթեմ, որ Աստուծոյ օրհնութիւնն ու լոյսն անպակաս ըլլան Ձեր անձէն, Ձեր ընտանիքէն եւ Ձեր միջոցով նաեւ բովանդակ երկրէն, որպէսզի դժուարութիւնները հեշտօրէն յաղթահարուին»:
Նախագահը եւ Սրբազանը անդրադարձած են Մխիթարեան միաբանութեան գործունէութեան, ընդգծած այն անփոխարինելի եւ հսկայական դերակատարութեան, որ հիմնադրուելէն ի վեր ունեցած է Մխիթարեան միաբանութիւնը` աշխարհին յայտնի դառնալով որպէս հոգեւոր, ուսումնակրթական, գրական, գիտամշակութային կեդրոն: