ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հրաժարական Տուաւ (տեսանիւթ)
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարական տուաւ իր պաշտօնէն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, վարչապետը յայտարարած է ուղիղ եթերով:
«Ինչպէս ըսած էի, այսօր հրաժարական կու տամ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնէն»,- նշած է Փաշինեան:
Նշենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր հրաժարականին մասին յայտնած էր «Ֆրանս 24» հեռուստաընկերութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին: Փաշինեան նշած էր, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու շուտափոյթ իրականացման համար հրաժարական պիտի տամ մինչեւ Հոկտեմբեր 16, այդ պարագային ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Դեկտեմբեր 9-ին կամ 10-ին:
Իմ խոստացած հայտարարությունը։
Опубликовано Nikol Pashinyan / Նիկոլ Փաշինյան Вторник, 16 октября 2018 г.