ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Հետ Համատեղ «Նարեկացի» Միութեան ՄԷջ Կայացաւ Հանդիպում-Դասախօսութիւն

Հոկտեմբեր 13-ին «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ Ֆրանքոֆոնիային նուիրուած հանդիպում-դասախօսութիւն ներկայացուց: Բանախօսն էր Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի տնօրէն Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեան:

«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով միութեան ՖԲ էջին, կը յայտնէ, որ ձեռնարկը կը կրէր «Նափոլէոն Պոնապարտի կապը Մխիթարեան միաբանութեան հետ» խորագիրը, որուն ընթացքին վարդապետը ներկայացուց նամակներ, որոնք գրուած են Պոնապարտին` ֆրանսացի մտաւորականներու կողմէ:

«Մտաւորականներն իրենց նամակներուն մէջ կը ներկայացնէին միաբանութեան կարեւորութեան եւ այն չփակելու կարեւոր պատճառներուն մասին: Այս նամակները գոյութիւն ունին արխիւներուն մէջ»,- իր խօսքին մէջ նշեց վարդապետը:

Նշենք, որ արուեստն իր մէջ կրող Յարութիւն Պզտիկեան նաեւ կը նկարէ. ան ծնած է Պէյրութ:

Որպէս նկարիչ` բազմաթիւ ցուցահանդէսներ  ունեցած է Եւրոպա` Հռոմի, Փարիզի, Ժընեւի, Լիոնի եւ բազմաթիւ այլ մեծ քաղաքներու մէջ, իսկ առաջին ցուցահանդէսը եղած է Վենետիկի մէջ: Բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած  Հայր Յարութիւն Պզտիկեան կը հանդիսանայ նաեւ ՀՀ նկարիչներու եւ գրողներու միութեան անդամ:

Scroll Up