Քարվաճառի ՄԷջ Աւստրալահայութեան Միջոցներով Կը Կառուցուի «Սիտնի» Թաղամաս

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան հոկտեմբեր 15-ին ընդունած է «Արցախ ռութս ինվեսթմենթ» (ԱՐԻ) ներդրումային ընկերութեան  խումբ մը բաժնետէրեր:

Ինչպէս«Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն պետական նախարարի մամլոյ ծառայութենէն, ողջունելով հիւրերը` պետական նախարարը բարձր  գնահատած է «ԱՐԻ» ընկերութեան դերը Արցախի վերաբնակեցման քաղաքականութեան աջակցութեան հարցով` ընդգծելով գիւղատնտեսութեան եւ բնակարանաշինութեան ոլորտներուն մէջ իրականացուող ծրագիրները: Գ. Մարտիրոսեանի խօսքով` ծրագիրներու ընդլայնման վերաբերեալ առկայ պայմանաւորուածութիւններու ծիրէն ներս նախապատրաստական աշխատանքներն աւարտական փուլի մէջ են, եւ շուտով հոգաբարձուներու խորհուրդին կը ներկայացուին Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ բնակավայրի 20 եւ Քարվաճառ քաղաքի 50 բնակարաններու կառուցման նախագիծի նախահաշուային փաստաթուղթերը:

Առաջարկուող ծրագիրներուն վերաբերեալ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան սահիկներու միջոցով ներկաներու ուշադրութեան  յանձնած է գերատեսչութեան կողմէ կատարուած աշխատանքները` նշելով, որ յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին ատոնք  վերջնական տեսքի կը բերուին:

«Արի» ընկերութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Վահան Գասարջեան, գոհունակութիւն յայտնելով Արցախի կառավարութեան հետ ձեւաւորուած համագործակցութենէն, նշած է, որ տարիէ տարի ծրագիրին մասնակցողներուն թիւը կ´աճի: Անդրադառնալով Քարվաճառի մէջ իրականացուելիք բնակարանաշինութեան` Վ. Գասարջեան նշած է, որ քանի որ այն կեանքի պիտի կոչուի աւստրալահայութեան միջոցներով, առաջարկ կայ թաղամասը «Սիտնի» անուանելու:

Գաղափարը ողջունուած է պետական նախարարին կողմէ, եւ պայմանաւորուածութիւն  ձեռք բերուած յառաջիկայ ամիսներուն սկսիլ շինարարական աշխատանքները: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տրամադրուող գումարներու տոկոսադրոյքներու վերանայման, նոր ներդրողներու ներգրաւման նպատակով պետութեան կողմէ պարատոմսերու թողարկման, ինչպէս նաեւ փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման հետ կապուած հարցեր:

Հանդիպման կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Արայիկ Յարութիւնեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, պաշտօնատար այլ անձիք:

Scroll Up