«Վարդավառ» Երգչախումբի Փառահեղ Համերգը Յորդանանի ՄԷջ

Հոկտեմբեր 7-ին Յորդանանի Ամման քաղաքի Ալ-Հուսէին մշակոյթի կեդրոնին մէջ կայացած է «Վարդավառ» երգչախումբի համերգը (գեղարուեստական ղեկավարը եւ հիմնադիրը Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանը): Ձեռնարկը իրականացուած է Երեւանի քոյր քաղաք հանդիսացող Ամման քաղաքի քաղաքապետ Դոկտոր Եուսըֆ Ալ Շաուարպէի հովանաւորութեան ներքոյ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, դահլիճը լեփ-լեցուն էր ինչպէս հայ, այնպէս ալ արաբ եւ օտարերկրեայ հանդիսատեսով: Ձեռնակին ներկայ էին Ամմանի քաղաքապետ Դոկտոր Եուսըֆ Ալ Շաուարպեն, Յորդանանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Պորիս Պոլոտինը, Յորդանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանի խորհրդական Դոկտոր Եուսըֆ Ալ Շումը, Յորդանանի մշակոյթի նախկին նախարար, «Ճերէշ» փառատօնի երկար տարիներու նախագահ Ջիրյիս Սամաուին, նախարարներ, խորհրդարանականներ, Յորդանանի հայ համայնքի ՀՕՄ, ԱՄՄ, ՀՄԸՄ ատենապետները, հայ եւ արաբ յայտնի գործարարներ, հայ համայնքի սիրելի անդամներ:
Հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքով, որ հանդիսատեսին ներկայացուց Մարալ Ներսէսեան, այնուհետեւ անոր կողմէ անգլերէն լեզուով հնչեց բացման խօսքը: Արաբերէն բացման խօսքը ներկայացուց Լենա Հատտատին:
Յորդանանի մշակոյթի նախկին նախարար Ջիրիիս Սամաուին «Վարդավառ»-ին եւ յորդանանահայ համայնքին նուիրեց յատուկ այս յոբելեանի առթիւ գրուած իր հեղինակային «Ամման-Երեւան» բանաստեղծութիւնը, որ քայլերգի վերածուած էր Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի կողմէ եւ համերգի ընթացքին հնչեց «Վարդավառ»-ի կատարմամբ:
Յորդանանի ազգային երաժշտանոցի եւ Յորդանանի հայկական երգչախումբերու համագործակցութիւնը խոր արմատներ ունի, որ այժմ ալ կը շարունակուին եւ իր բարեբեր պտուղները կու տայ շնորհիւ երաժշտանոցի տնօրէն` մաեստրօ Մոհամմատ Սիտիքի:
Համերգի պատուաւոր հիւրն էր Յորդանանի Ապտալլա 2-րդ թագաւորի մետալակիր «Տոզան ու Աութար» երգչախումբը, որոնց շրթունքներէն հնչեց հայ երգը` ի նշան հայ-արաբ ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ մեր 2 երգչախումբերու յարատեւ բարեկամութեան:
«Վարդավառ»-ն իր կատարումներով ապշեցուց արաբ հանդիսատեսը: Յորդանանեան ազգագրական երգերու միաձայն շարանը (ըստ մեծանուն Օմար Ապտալլաթի) առաջին անգամ իր պատմութեան մէջ հնչեց բազմաձայն` շնորհիւ Վարդուհիի:
Ի ուրախութիւն մեզ, ելոյթ ունեցաւ նորաստեղծ «Վարդավառի փոքրեր» երգչախումբը, որուն նպատակն է հայ երգի պահպանումն ու տարածումը: Բարի երթ մեր փոքրիկներուն:
«Վարդավառ»-ի կողքին էին նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողները, որոնք ուսման փոխանակման ծրագիրով կը գտնուին Ամման: