Ծովից Ծով Հայաստանէն` Թաւշեայ Յեղափոխութիւն. Կայացաւ Ֆրանքոֆոնեայի Ձեռնարկներու Կալա Համերգը

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցող Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովի կալա համերգի բացման արարողութիւնն աշխարհին ծանօթացուց Հայաստանի հազարամեակներու պատմութիւնը: «Արմէնպրես»-ի փոխանցմամբ` շքեղ գունային ու լուսաձայնային շոուի միջոցով համերգի կազմակերպիչները վայրկեաններու ընթացքին ներկայացուցին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի անցած ուղին` Տիգրան Մեծի Ծովէ ծով Հայաստանէն մինչեւ 2018թ.-ի Թաւշեայ յեղափոխութիւն:
Դեռեւս մեր թուարկութենէն առաջ, 1-ին դարուն Հայաստանի սահմանները կը հասնէին Միջերկրական ծովէն մինչեւ Կասպից ծով: Կալա համերգի հանդիսաւոր բացման արարողութեան առաջին վայրկեաններուն պարային ու դերասանական համարով ցոյց տրուեցաւ Արքայից արքայ Տիգրան Մեծի կառավարման այդ փառահեղ ժամանակաշրջանը:
Բեմէն հնչող շարականի անզուգական կատարմամբ հանդիսատեսին ներկայացուեցաւ 301 թուականը, երբ Հայաստան դարձաւ աշխարհի մէջ առաջինը երկիրը, որ քրիստոնէութիւնն ընդունեց որպէս պետական կրօն: Պատկերն ալ աւելի ամբողջացաւ, երբ բեմին վրայ երեւցան նաեւ քրիստոնէութեան հիմնական խորհրդանիշները` խաչն ու ձուկը:
Հայոց պատմութեան ընթացքին Հայաստանէն դուրս բազմաթիւ հայաշատ օճախներ ստեղծուած են, իսկ ատոնցմէ մէկը յաջողած է անգամ հայրենիքէն դուրս ունենալ հայկական թագաւորութիւն: Կիլիկեան Հայաստանի պատմութիւնը բեմին վրայ ներկայացուեցաւ ծովային առեւտրի պատկերներով:
Սայաթ-Նովա, Տիեզերական վարդապետ Նարեկացի, Մարտիրոս Սարեան. անուններ, որոնք աշխարհ գրաւած են իրենց ստեղծագործութիւններով: Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովի կալա համերգի հանդիսատեսը անգամ մը եւս հնարաւորութիւն ունեցաւ տեսնելու ու զգալու ատոնք:
Հայկական մշակոյթի ներկայացումէն յետոյ կալա համերգի բեմը ողողուեցաւ կարմիրով. եկած էր ժամանակն աշխարհին մէկ անգամ եւս յիշեցնելու`1915թ.-ի Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Գաղթի ճանապարհն ու ցեղասպանութիւնը ներկայացնող տեսարաններն ամբողջացուց Ջիւան Գասպարեանը` հայկական ծիրանափողի` տուտուկի անզուգական կատարմամբ:
Սովետական Հայաստանի ժամանակաշրջանին անդրադառնալուն չշրջանցուեցաւ հայկական քոնեակը, որուն պատուիրատուն Քրեմլն էր, իսկ հայկական «Դուին» քոնեակը կը խմէր անձամբ Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չերչըլը:
Հայկական ճազի հնչիւններու ներքոյ բեմին վրայ սկսան թուարկուիլ այն մեծերու անունները, որոնցմով աշխարհ ճանչցած է ու կը ճանչնայ Հայաստանն ու հայերը: Մինասի, Արամ Խաչատրեանի, Խորէն Աբրահամեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Հրանդ Շահինեանի, Եղիշէ Չարենցի, Մհեր Մկրտչեանի, Յովհաննէս Թումանեանի ու Ատոմ Էգոյեանի կողքին յիշատակուեցաւ նաեւ հայկական «System of a Down» ռոք խումբը, որուն աւանդը մեծ է աշխարհի կողմէ Հայաստանի ճանաչման գործին մէջ:
Կալա համերգի բացման հատուածին հազարամեակներու Հայաստանի պատմութեան ներկայացումն աւարտեցաւ 2018թ.-ի ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութեան պատկերներով, ինչպէս նաեւ` այդ իրադարձութիւններու առաջնորդ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ֆրանսերէն ըսուած ողջոյնի խօսքով` «Բարի գալուստ Հայաստան»: