Մուսալերան Հերոսամարտի 103-րդ Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Յունաստանի ՄԷջ

Հոկտեմբեր 7-ին Աթէնքի մէջ ԷՌԱ միութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Հայաստան» հասարակական մշակութային կեդրոնի աջակցութեամբ հին հայկական Դուրղութի թաղամասին մէջ նշուեցաւ Մուսալերան հերոսամարտի 103-րդ տարեդարձը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Աթէնքի «Հայաստան» լրատուական ցանցը, աթէնքահայերու խանդավառ մասնակցութեամբ ձեռնարկը, որուն ներկայ էին ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ կուսակցութիւններու եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Յունահայ թեմի ներկայացուցիչները եւ յոյն գրող Փանտելի Արապինիսը, ողջունուեցաւ Եւրոպայի հայերու համագումարի կողմէ:
Հանդիսութեան հնչեց կենդանի երաժշտութիւն: Սայաթ-Նովայի ստեղծագործութիւններէն կատարեց համայնքին մէջ ճանչցուած քանոնահարուհի Սուսաննա Սարդարեանը, իսկ Մանսուրեանի ստեղծագործութիւններէն ներկայացուց դաշնակահարուհի Շահանէ Օհանեանը:
Հայ փոքրիկները հանդէս եկան օրուան պատգամը յուշող հայրենասիրական բանաստեղծութիւններով: Հիւրերուն մատուցուեցաւ աւանդական հարիսան: Ձեռնարկը շարունակուեցաւ քոչարի եւ այլ հայկական աւանդական պարերով: